Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Ս. Եկեղեցւոյս մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կեանքը որ կ՚ապրինք» գիրքին ներկայացումը։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի պաշտօնեաներէն, հատորի խմբագիր եւ Ժամանակ Օրաթերթի աշխատակից՝ Բանասէր Վարանդ Քորթմոսեանը պիտի ներկայացնէ, Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասուս երբեմնի անդամներէն Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներէն բաղկացեալ «Կեանքը որ կ՚ապրինք» գիրքը։
Երեկոյթը պիտի վարէ Ժամանակ Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Պիտի լսենք նաեւ Արամ Կոստանեանէ ընթերցումներ, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյս մանուկներէն ու երիտասարդներէն երգեցողութիւն։
Դպրաց Դասուս համար ուրախութին պիտի ըլլայ, շնորհանդէսը Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած սոյն գիրքը նաեւ ներկայացնել Տէր Հօր երբեմնի ծառայադաշտին մէջ։ Ուրախութիւն պիտի ըլլայ նաեւ գրքի խմբագիրէն լսել գրքի մասին բովանդակալից տեղեկութիւններ։ Սիրով կը հրաւիրենք մշակութասէր մեր ժողովուրդը։
Աղբիւր։ S. Krikor Lusavoriç Kınalıada – Ս. ԳրիգորԼուսաւորիչԵկեղեցի, ԳնալըԿղզիhttps://www.facebook.com/krikorlusavoric
İlk yorum yapan siz olun