Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Օգոստոս 2022, Շաբաթ, երեկոյեան, Պատրիարքարանիամարանոցի մէջ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային ԽորհուրդիԱտենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզը։
Նորին Ամենապատուութիւնը, զանազան լսումներէ տեղեկացած ըլլալով, թէ՝ Օրթագիւղի ԹաղայինԽորհուրդը առանձին ընտրողական յանձնախումբ կազմած, ընտրութեան թուականի որոշումկայացուցած եւ այս ուղղութեամբ 800 հոգինոց ընտրողացանկ մը ներկայացուցած էր ՎաքըֆներուՏնօրէնութեան։ Պատրիարք Հայրը, այս ուղղութեամբ իր անհանգստութիւնը արտայայտելու եւթաղային խորհուրդի ընտրողական գործունէութեան մասին անձամբ տեղեկութիւն ստանալուառաջադրութեամբ հրաւիրած էր Իսքէնտէր Շահինկէօզը։
Ատենապետ Շահինկէօզ, յայտնած է, թէ՝ ընտրութեան կապակցութեամբ իրենց որդեգրածգորընթացքը օրինական էր։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնած է, թէ՝ ԷՐՎԱՊ-ը շրջանային ընտրութեանցհամար որդեգրած էր ընտրողական հասարակաց գործընթացք մը եւ ճիշտ պիտի ըլլար, որՕրթագիւղի Թաղային Խորհուրդը եւս ընդգրկէր այս գործընթացքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը, նաեւանձամբ յայտնած է Օրթագիւղի գործելոճին մասին։
Ատենապետ Շահինկէօզ յայտնեց, թէ՝ պիտի շարունակեն իրենց որոշումին վրայ հաստատ մնալ, մինչեւ այն ժամանակ որ Վաքըֆներու Տնօրէնութեան կողմէ տեղեկացուի այլ գործընթացքի մըուղղութիւնը։ Պատրիարք Հայրը, շուրչ 20.000 համայնքի անդամներուն ընտրելու իրաւունքիննկատմամբ ունեցած յարգանքով, յիշեցուց որ ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն էխնդրոյ արարկան եւ ինք այս ուղղութեամբ անձամբ դիմում պիտի ներկայացնէ պատկանիշխանութեանց։
Պատրիարքական Աթոռը, այս հանդիպման յաջորդող օր, հանդէս եկած է պաշտօնականլուսաբանութեամբ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun