Գնալը Կղզիի Յունաց Մէթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) Վանքին տօնախմբութեան աւարտին, ժամը14.30-ին, Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Յունաց Ծայրագոյն Պատրիարքը այցելութիւն տուաւ նաեւԿազդուրման Կայան եւ սոյն այցելութիւնը առիթ եղաւ որ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետմիատեղուի Կայանի երդիքին ներքեւ ու Հայոց եւ Յունաց Պատրիարքները իրենց օրհնութիւններըբաշխեն կայանի մանուկներուն։
Նորին Սրբութիւնը, Կայանի մուտքին դիմաւորուեցաւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. ՅարութիւնՎրդ. Տամատեանի եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ եւաղուհացի օրհնութենէն յետոյ առաջնորդուեցաւ կայանի մուտքի պարտէզը, ուր երկուՊատրիարքներ ողջագուրուեցան։ Յունաց Պատրիարքին կ՚ընկերակցէին Եանեայի ԹէօքլիթոսՍրբազան Մետրոպոլիտն ու Յունաստանի Աւագ Հիւպատոսի Տեղակալ Սթավրոս Քրիսթօտուլիս։Իսկ Կայանի մէջ ներկայ եղան Ատենապետ՝ Արի Չօլաք, Տնօրէնուհի՝ Լիզա Չօլաքօղլու եւ փոքրաթիւվարիչներ ու հիւրեր։
Հանդիպման ընթացքին, Մեր Հոգեւոր Պետը ողջունեց Յունաց Տիեզերական Պատրիարքիներկայութիւնը եւ շնորհաւորեց Յունաց Այլակերպութեան Տօնի առիթով։ Յայտնեց, որ տօնականմթնոլորտի մէջ համախմբուիլը մեծապէս ուրախութիւն կը պատճառէր ի Քրիստոս հոգեւորեղբայրներուն։ Նախորդ օր, Պալըքլըի Հիւանդանոցին մէջ իրականացած հրդեհը ինչպէս որ ցաւպատճառած էր իրենց, այսօրուան մանկանց ցնծութիւնն ալ նոյնպէս ուրախութեան առիթ կըդառնար բոլորին։ Մեր Հոգեւոր Պետը, նաեւ Կայանի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ուներկայացուց ներկայ հոգեւորականները, Կայանի այժմու վարչութիւնն ու տնօրէնութիւնը։
Անմիջական զրոյցի ընթացքին Պարթոլոմէոս Պատրիարք եւս ըսաւ որ, Յունաց Վանքի ԱմառնայինՔամփէ յետոյ նաեւ Կազդուրման Կայանի մէջ ըլլալը կրկնակի ուրախութիւն էր։ Նախկինտարիներուն Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հետ եւս նոյն ձեւով մէկտեղումներ ունեցած էր եւայդ հանդիպումները առիթ եղած էին որ երկու հոգեւոր Պետեր իրենց օրհնութիւնը փոխանցէինմանկանց ու փոքրիկներէ ներշնչուէին։ Նոյն գծով, այսօրուան հանդիպումը եւս կը դառնար գեղեցիկառիթի մը, որով ինք թէ՛ ներկայ կը գտնուէր Կայանի մէջ եւ թէ՛ իր մօտ կը գտնուէր ՀայոցՊատրիարքը։ Ի միջի այլոց, խօսքերուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՆորինԱմենապատուութեան, առաւօտեան տօնախմբութեան առթիւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ ՅարութիւնՎարդապետի ու վարչայիններու ներկայութեան կապակցութեամբ։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին, Յոյն համայնքէ հիւրեր եւս հետաքրքրուեցան Կայանի առօրեային հետ եւհետաքրքրութեամբ լսեցին տրուած տեղեկութիւնները։ Իսկ երկու Պատրիարքներու ներկայութիւնըորակուեցաւ Կազդուրման Կայանի պատմական պահերէն մին։ Կարճատեւ այցելութեանեզրափակիչ փուլին հսկիչներն ու մանուկները մօտեցան երկու Պատրիարքներուն ու ստացանիրենց օրհնութիւնները։ Այս առթիւ, Պարթոլոմէոս Պատրիարք նուէրներ բաշխեց փոքրիկներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun