İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԵԿՈՅԹԻ ԵՒ «ԿԱՊՈՅՏ ԵՐԱԶ» ԳԻՐՔԻՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻՆ

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 5 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ, ժամը 21.00-ին, տեղիունեցաւ մշակութային երեկոյթ եւ «Կապոյտ Երազ» գիրքի շնորհանդէս։ 

Հանդիսութիւնը պատուեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով ԿղզեացՀոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու կազմակերպութեամբ իրականացածերեկոյթին իր ներկայութիւնը բերաւ նաեւ մշակութասէր հասարակութիւնը։

Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսք արտասանեց Յարութիւն Վարդապետ եւ ուրախութիւնըյայտնեց որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ այս ամառ կ՚իրականանար նաեւ հայերէն գիրքի մըշնորհանդէսը։ Այնուհետեւ ներկայացուց հանդիսութեան ընթացքը, ըսելով, թէ՝ նախ նուագիկատարում տեղի պիտի ունենար, յաջորդիւ՝ «Կապոյտ Երազ» գիրքի խմբագիր ՍեւանՏէյիրմենճեանի ներկայացումը։

Ապա, բեմ բարձրացան Նայիրի եւ Նայատ Քալայլը քոյրերը, որոնցմէ մին ջութակով իսկ միւսըդաշնակով հրամցուցին դասական երաժշտութենէն նմուշներ։ Տատեանցի եւ ապա Կեդրոնականցիերկու քոյրերու կատարողութիւնը մեծապէս գնահատուեցան ներկաներու կողմէ։ Յաջորդիւ, Պատրիարք Հայրը եւս իր գնահատանքը յայտնեց, իր օրհնութիւնը փոխանցելով նուիրեցյուշանուէրներ։ 

Յաջորդիւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Սեւան Աթաօղլու եւ Նայիրի եւ Նայատ Քալայլը քոյրերըերաժշտական կեանքի մասին հակիրճ խօսք մը ուղղելով, շնորհակալութիւն յայտնեց իրենցզարգացման մէջ ներդրում ունեցող երաժշտութեան ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ իրենցծնողներուն։ Ապա, ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Սեւան Տէյիրմենճեանը, կենսագրականտուեալներ փոխանցելով նաեւ իր մասին։

Սեւան Տէյիրմէնճեան, նախ իր աշխատութեան սկզբնակէտին եւ Արաս Հրատարակչատանառաքելութեան մասին խօսեցաւ։ Նախ երանութեամբ յիշեց Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը եւՀոգելոյս Վարդան Կոմիկեանը, նկատի ունենալով որ տարիներ առաջ Մեսրոպ Պատրիարքիթելադրանքով անդրանիկ բանախօսութիւնը տուած էր Վարդան Կոմիկեանի աշխատութեանմասին։ Ապա, յայտնեց որ գրականութեան մէջ պատմուածքները, ո՛չ միայն դէպքերու այլ նաեւվայրերու մասին տեղեկութիւններ գտնելու առիթ կը ստեղծեն։ Այս հիմնակէտով ծնունդ առած էր«Կապոյտ Երազ» գիրքին պատրաստութիւնը։ 

Պոլսոյ ծովի հետ առընչուած պատմուածքները քաղելով, Պոլսոյ կեանքին մէկ երեսակըներկայացնել ընթերցասիրաց։ Յայտնեց, որ այս գիրքը սահմանափակուած է Հանրապետականշրջանի գրողներով եւ իրենց աշխատութիւններով։ Այնուհանդերձ անցեալի Պոլսոյ կեանքի մասինհետաքրքրական դրուագներ գտնել կարելի պիտի ըլլար։ Ծովու մասին խօսած ժամանակ, յայտնեցոր ո՛չ միայն կղզիները նկատի ունեցած է, այլ՝ ծովամերձ թաղերու մէջ որպէս պատմուածք գրիառնուած դէպքերը։ 

Սակայն անշուշտ, թէ Գնալը Կղզիի մէջ կատարուած ներկայացումի մը ընթացքին աւելիհետաքրքրական պիտի թուէին Գնալը Կղզիի մէջ անցեալին նկարագրուած պատմուածքները, որոնց ոգին այսօր եւս ի զօրու էր շատ մը տուներէն ներս։ Իր խօսքերու աւարտին, շնորհակալութիւնյայտնեց գիրքի պատրաստութեան եւ հրատարակութեան փուլին իրենց ներդրումը ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ շնորհանդէսի կազմակերպիչներուն։

Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին, Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ Սեւան Տէյիրմէնճեանի կողմէմիասնաբար տեղի ունեցաւ գինեձօն, որմէ յետոյ Մեր Հոգեւոր Պետը հուսկ բանքը արտասանեց։Պատրիարք Հայրը, անդրադարձաւ Հայերէն գիրք պատրաստելու եւ հրատարակելու սրբազանգործունէութեան, գիտնալով հանդերձ որ տպուած գիրքը տասնեակ հազարներով տուն պիտիչմտնէր։ Այս առումով իրաքանչիւր անհատ որ կը նպաստէ այս ուղղութեամբ, կը դառնայ ջահակիրըՄեսրոպեան աւանդին եւ այս առումով Արաս Հրատարակչատան եւ Սեւանի աշխատութիւնըգնատանքի արժանի նկատեց։

Պատրիարք Հայրը, յատուկ ձեւով անդրադարձաւ նաեւ Արաս Հրատարակչատան երեսնամեայգործունէութեան, յայտնելով թէ՝ հրատարակչատունը Հայերէն մշակոյթը Թրքերէնի ճամբով կըներկայացնէր տեղացի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ոչ-հայախօս մերազէից։ Այս առաքելութեանառընթեր Հայերէն գիրքի պատրաստութեամբ, անցեալի մշակութային աւանդը կը փոխանցէիններկայ դարուն։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը, օրհնեց այս աշխատութիւնը եւ մաղթեց որ նման ձեռնարկներ շարունակականըլլան։ Իր խօսքերու աւարտին, գնահատեց նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին եւսպասաւորները, որոնց կազմակերպութեամբ Գնալը Կղզիի մէջ նման մշակութային երեկոյթներովՀայ լեզուն կը հնչէր։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Պատրիարք Հօր կողմէ Սեւան Տէյիրմենճեանին յանձնուածյուշանուէրով։

Photo: Bolis Photo

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın