İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ 

Գնալը Կղզիի Յունաց Մէթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) Վանքին մէջ, 6 Օգոստոս 2022, Շաբաթ, առաւօտ, Յոյն Եկեղեցւոյ Օրացոյցին համաձայն Քրիստոսի Այլակերպութեանտօնակատարութիւնները տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս ՅունացԾայրագոյն Պատրիարքին։ Վանքի տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Կղզեաց Թաղային ԽորհուրդիԱտենապետ՝ Լեւոն Շատեան, Կազդուրման Կայանի Վարչութեան Ատենապետ՝ Արի Չօլաք եւբազմաթիւ Յոյն հաւատացեալներ նաեւ կղզգբնակ Հայ ուխտաւորներ։

Վանքի գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, ՊարթոլոմէոսՊատրիարքի կողքին էր նաեւ Եանեայի Թէօքլիթոս Սրբազան Մետրոպոլիտը եւ Յունաստանի ԱւագՀիւպատոսի Տեղակալ Սթավրոս Քրիսթօտուլիսը։ Բաց աստի արարողութեան իրենցմասնակցութիւնը բերին Յունաց Վանքի Ամառնային Քամփի տնօրէն՝ Տիամանտի Քումվօբուլոսիառաջնորդած ուսուցիչներն ու աշակերտները։ Արարողութեան ընթացքին հաճելի պահ էր երբաշակերտները միաբերան արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը։ Շուրջ երկու ժամուանարարողութեան աւարտին, Պարթոլոմէոս Պատրիարք կատարեց նաեւ խաղողօրհնութիւնը։

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեան աւարտին, վանքի հիմնադիրներն եւ սատարողներըհանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան եւ ապա վանքի բակին մէջ գործադրուեցաւմշակութային յայտագիր մը։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց, տնօրէն՝ Տիամանտի Քումվօբուլոս, որմէյետոյ Պարթոլոմէոս Պատրիարք իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ 

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկայ պատուոյ հիւրերը, իր շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ՝Յարութիւն Վարդապետին, որ յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր իրմասնակցութիւնը բերած էր Գնալը Կղզիի Յունաց Վանքի եւ Քամփի տարեկան աւանդականտօնակատարութեանց։ Սիրոյ սեղանի տեւողութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ նաեւերաժշտական, պարի եւ թատրերգական ելոյթներ, որոնք մեծապէս ոգեւորեցին ներկաները։ Մինչայդ ներկաներ մօտեցան Նորին Սրբութեան եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ իր օրհնութիւնըստացան։

Մշակութային հանդիսութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքինմանուկներն ու հիւրերը անմիջական մթնոլորտի մէջ միասնաբար ճաշեցին։ Այս առթիւ, ՅարութիւնՎարդապետ, Նորին Սրբութեան փոխանցեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօրեղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Յայտնեց, թէ ի Տեառնէ կը հայցէր, որ ԳնալըԿղզիի Յունաց Վանքի տօնախմբութիւնը միշտ նման ջերմեռանդութեամբ ու հանդիսաւորմթնոլորտի մէջ նշուի ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն եւ Կազդուրման Կայանէ անձինք եւսուրախակից դառնան Քամփի ծառայող Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ անդամներուն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın