İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄ ԴԱՏ ԲԱՑԱԾ Է ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ 

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացած է՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար հաստատուած նոր կանոնադրութեան դէմ։ Ընկերային ցանցերու վրայ այս մասին շրջանառութեան մէջ մտած են զանազան տեղեկութիւններ, որոնց կցուած է նաեւ տեսանիւթ մը, ուր կ՚երեւի Սիմոն Չեքէմի կողմէ դատական իշխանութիւններուն յղուած դիմումնագրի առաջին էջին մէկ մասը։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի աղբիւրները այս կապակցութեամբ պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարած են։ Ուստի, այս առաւօտ փորձեցինք կապ հաստատել նաեւ Սիմոն Չեքէմի հետ։

Ըստ ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառութեան դրուած տեղեկութիւններուն, Սիմոն Չեքէմ Պետական խորհուրդի մօտ դատ բացած է՝ դիմումը հասցէագրելով թէ՛ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան եւ թէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ։ Դատական դիմումին մէջ նշուած է, որ յիշեալ երկու պետական կառոյցներուն կողմէ 18 յունիս 2022 թուականին պաշտօնաթերթի մէջ հրատարակուած կանոնադրութիւնը խոտոր կը համեմատի ժողովրդավարութեան, իրաւունքի, Սահմանադրութեան, միջազգային համաձայնութիւններու, Լոզանի դաշնագրին, Եւրոպայի մարդու իրաւանց համաձայնութեան, զանազան դատավճիռներու, Վաքըֆներու օրէնքին եւ այլ օրէնսդրական տրամադրութիւններուն։ Ուստի, Սիմոն Չեքէմ պահանջած է կանոնադրութեան ջնջուիլը, նաեւ անոր գործադրութեան կասեցուիլը՝ այն հիմնաւորումով, որ իրաւունքի ներհակ կանոնադրութեան գործադրութեան պարագային անդարմանելի վնասներ պիտի ծնին։ Աղերսագրին մէջ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ պահանջած է նաեւ, որ դատավարութիւնը ըլլայ բաց։

Դատական դիմումին մէջ երեւցած այս տեղեկութիւններուն առընթեր, իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ այս առաւօտուան մեր հեռախօսազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ երէկուան դրութեամբ բացած է այս դատը։ Այսպէսով, այժմ կը սկսի ընթացակարգ մը, որու ենթադրած գործընթացը պիտի ունենայ զանազան փուլեր։ «Բնականաբար, մենք կ՚ուզենք, որ ընտրութիւն ըլլայ, սակայն, հրապարակուած այս նոր կանոնադրութիւնը պէտք է սրբագրուի, որովհետեւ յայտնի է, որ ան աճապարանքով պատրաստուած է», յայտնեց Սիմոն Չեքէմ եւ աւելցուց, որ նոր տնօրինութիւններուն մէջ կան պղտոր կէտեր։ Ան դիտել տուաւ, որ 2019 թուականին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին համար կատարուած ընտրութենէն վերջ ալ ինք դիմած էր դատական մարմիններուն եւ այդ ժամանակ արձակուած դատավճիռն ալ այսօր կրնայ ուղեցոյց մը ըլլալ։

Սիմոն Չեքէմ դիտել տուաւ, որ երկրի օրէնսդրութիւնով նախատեսուած կանոնները, կարգերը անտեսելով կարելի չէ պարտադրանքներ ընել, իսկ ոմանք այդ ճամբով կ՚ուզեն համայնքին վրայ ճնշում բանեցնել, համայնքին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակ կը հետապնդեն։ Չեքէմ ցաւ յայտնեց նաեւ համայնքային հաստատութիւններու վերաբերմունքին բերումով՝ մանաւանդ, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան վերջին ժողովներէն մէ-կուն մասնակցելու հնարաւորութիւն չէ տրուած այն երիտասարդ իրաւաբանին, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ գործուղղուած էր։

http://www.jamanak.com/content/%D5%A9%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D6%84/5-08-2022-%D5%BD%D5%AB%D5%B4%D5%B8%D5%B6-%D5%B9%D5%A5%D6%84%D5%A7%D5%B4-%D5%A4%D5%A1%D5%BF-%D5%A2%D5%A1%D6%81%D5%A1%D5%AE-%D5%A7-%D5%BE%D5%A1%D6%84%D5%A8%D6%86%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82-%D5%A8%D5%B6%D5%BF%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%B6%D5%B8%D6%80-%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D5%B6%D5%A1%D5%A4%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%A4%D5%A7%D5%B4

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın