Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. ՊարթոլոմէոսԾայրագոյն Պատրիարքին, ցաւակցական նամակ մը ուղարկեց եւ Պալըքլի Յունաց Հիւանդանոցիմէջ պատահած եւ ծանր աւերներ գործաց հրդեհի կապակցութեամբ ցաւակցութիւն յայտնեց։
Նորին Ամենապատուութիւնը, յայտնեց, թէ՝ քոյր Յոյն Ուղղափառ համայնքի առօրեայ կեանքէն ներսկարեւոր տեղ ունեցած է Յունաց Հիւանդանոցը եւ այս դէպքը վստահաբար յուզումի պատճառ եղածէ։ Գոհութիւն յայտնեց որ մարդկային կեանքի կորուստ չէ պատահած եւ իր վստահութիւնը յայտնեց, թէ՝ նիւթական կորուստները կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել։
Մեր Հոգեւոր Պետը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ, հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային մարմիններուն իր ցաւակցութիւնը յայտնելով, մաղթեց որհիւանդանոցը վերանորոգուելէ յետոյ վերստին շարունակէ ծառայել։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun