İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՄԱԼԱԹԻԱ

Մալաթիոյ երբեմնի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին նորոգուելէ յետոյ, տարի մը առաջ՝ 28-29 Օգոստոս2021 թուականին օծուած եւ Ս. Պատարագ մատուցուած էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօրձեռամբ։ Այս տարի, 30-31 Յուլիս 2022 շաբաթավերջին, Նորին Ամենապատուութեան հրամանով եւօրհնութեամբ, նախկին Մալաթիացիներ, Մալաթիա Հայտէր Հայրենակցական Միութեան ալնախաձեռնութեամբ ուխտագնացութիւն կազմակերպեցին դէպի Մալաթիա։

Ուխտագնացութեան առանցքը կը կազմէր Մալաթիոյ բարեզարդեալ Ս. Երրորդութիւնեկեղեցի-Թաշ Խորան մշակոյթի կեդրոնին մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագը։ 

ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄ

Ուխտագնացութեան առթիւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ Պատրիարքական ԱթոռոյսՀրատարակչական եւ Տեղեկատուական բաժիններու տեսուչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, ընկերակցութեամբ Բրկ. Կարապետ Կսրկ. Եոնթանի եւ Բրկ. Ղազար Կսր. Սապունճուի, 30 Յուլիս, Շաբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Մալաթիա։ Հայր Սուրբը եւ ընկերակիցները Մալաթիոյ օդակայանաինմէջ դիմաւորուեցան տեղւոյն երիտասարդներէն Արէտ Պոյաճըի կողմէ։

Նոյն առթիւ Մալաթիա ժամանած էր նաեւ Գաւառի Տեսուչ Արժ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, ընկերակցութեամբ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեանի։ Տէր Հայրը շրջակայ քաղաքներու մերազնհաւատացեալներուն եւս այցելեց։

Ուխտագնացութեան մաս կազմեցին Ստանպուլէն ինչպէս նաեւ շրջակայ քաղաքներէնուխտաւորներ։

ՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ ՊՏՈՅՏ

Հայր Սուրբը եւ ընկերակիցները Շաբաթ միջօրէին հիւրասիրուեցան Մալաթիա ՀայտէրՀայրենակցական Միութեան ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճիի կողմէ, որոնք շրջեցան քաղաքիպատմական շուկան եւ երբեմնի հայկական շրջանները։

«ՎԷՆՔ»

Երեկոյեան, Հայր Սուրբն ու ընկերակիրները առաջնորդուեցան Մալաթիոյ «Վէնք» կոչուած վայրը, որ Հայոց երբեմնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Վանքի մնացորդացն է։ Վայրը մինչեւ այսօր տեղացիժողովուրդին միջեւ եւս Վէնք կը կոչուի։

Երբեմնի վանքի 1670ական թուականներու մատուռը տեղւոյն քաղաքապետ ՍելահատտինԿիւրքանի նախաձեռնութեամբ նորոգութեան ենթարկուած եւ վերջերս աւարտած է։

Այս այցին հասան ու մաս կազմեցին նաեւ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան եւ ուխտաւորներ։

Փոքրիկ մատրան մէջ ուխտաւորներ աղօթք վերառաքեցին Աստուծոյ՝ Տէրունական Աղօթքի եւ «Տէրողորմեա»յի բառերով։

Ապա այցելութիւն տրուեցաւ մօտակայ աղբիւրին։

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

Նկատի ունենալով տեղւոյն կլիմայի պայմանները, ուխտագնացութեան սիրոյ սեղանըկազմակերպուած էր 30 Յուլիս, Շաբաթ երեկոյ։ Նոյն առթիւ տեղւոյն համայնքի անդամները եւուխտաւորներ մէկտեղուեցան տեսարժան վայրերէն միոյն մէջ հաստատուած բացօդեայճաշարանի մը մէջ, ուր տեղական ճաշերէն սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Այստեղ մասնակիցներ առիթունեցան հաճելի զրոյց ունենալու յատկապէս Մալաթիոյ հին օրերու մասին։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի-Թաշ Խորան մշակոյթի կեդրոնին մէջ, 31 Յուլիս 2022, Կիրակի, ժամը 10.00-ին սկսաւ Ս. Պատարագը, որ մատոյց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ.։ Ս. Սեղանինսպասարկեցին եւ երգեցողութիւնները կատարեցին ներկայ կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ս. Ընծայից վերաբերումը կատարեց Արժ. Աւետիս Քհնյ.։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, քարոզեց Պատարագիչ Հայր Սուրբը եւ բացատրեցՊայծառակերպութեան դէպքն ու խորհուրդը։ Ան, յատկապէս անդրադառնալով լոյսի ուպայծառակերպուելու գաղափարներուն վրայ, ըսաւ որ Աստուած իւրաքանչիւրէս կ’ակնկալէպայծառազարդուիլ։ Ամէն հաւատացեալ պարտի մաքրամաքուր կեանք ունենալ, ինչպէս ունէրնախամարդը «Առաջին մեղք»ը գործելէ առաջ։ 

Մարդ արարածը, Այլակերպութեան դէպքի ընթացքին տեսաւ պայծառազարդուած Քրիստոսի մէջԱնոր Աստուածային փառքը, որուն վկայեցին նաեւ Մովսէս եւ Եղիա Մարգարէները։

Հայր Սուրբը ուրախութիւնը յայտնելով նոյն ուխտագնացութեան առթիւ մէկտեղուած Մալաթիոյհամայնքի անդամներու եւ ուխտաւորներու  բազմութեան պատճառաւ, հաղորդեց Ամեն. ՍրբազանՊատրիարք Հօր հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեցկազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ տեղական իշխանութեանց, որոնք աջակցած էինուխտագնացութեան անթերի ու ապահով իրականացման։

Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Այստեղ Տէր Հայրը, յանուն Մալաթիոյ Հայ համայնքին խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեցՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, որ հայրական հոգածութիւն ցոյց կու տայ գաւառի փոքրաթիւհամայնքներուն, ինչպէս այս պարագային Մալաթիոյ համայնքին։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց այսուխտագնացութեան առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեանին եւ Ս. Սեղանի սպասաւորներուն, որոնք Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբգլխաւորեցին ու մասնակցեցան ուխտաւորութեան։ Տէր Հայրը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցկազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ տեղական իշխանութեանց, առանց որոնց աջակցութեամբկարելի պիտի չըլլար իրականացնել սոյն ուխտագնացութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցան Մալաթիոյ երբեմնի թեմիհանգուցեալ առաջնորդներն ու հոգեւոր սպասաւորները։

ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԱՅՑ 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, հաւատացեալներ ուղղուեցան Մալաթիոյ ՀայոցԳերեզմանատունը։ Այստեղ Հայր Սուրբի գլխաւորութեամբ մասնաւոր կարգ կատարուեցաւՄալաթիոյ հայ համայնքի ի Տէր ննջած հին ու նոր բոլոր անդամներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Այստեղ ուխտաւորներ հիւրասիրուեցան Գերեզմանատան մատրան հովանիին ներքեւ։

Հոգեհանգստեան կարգով իր աւարտին հասաւ Մալաթիոյ 2022 տարւոյ ուխտագնացութիւնը։ Մինչայս հաւատացեալներ շարունակեցին այցելել շրջակայ տեսարժան վայրերը ինչպէս նաեւ քաղաքիհին մասներն ու պատմական շուկան։

Իսկ Հայր Սուրբը, Տէր Հայրը եւ ընկերակիցները հիւրասիրուեցան Պոյաճը ընտանիքի բնակարանինմէջ։

Հայր Սուրբը եւ ընկերակիցները նոյն օր, ուշ գիշերուան թռիչքով վերադարձան քաղաքս, իսկ ՏէրՀայրը պիտի վերադառնայ Հաթայ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın