Ս. Թադէոս Առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ Կոյսի տօնը հանդիսաւորար արողութիւններով նշուեցաւՌումէլիհիսարի Ս. Սանդուխտ Եկեղեցւոյ մէջ, 30 Յուլիս 2022, Շաբաթ առաւօտ, նախագահութեամբ՝Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Արարողութեան մասնակցեցան՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Արժ. Տ. ՆաթանՔհնյ. Արապեան։ Արարողութեան մասնակցելու համար Պոլսոյ տարբեր թաղերէն փութացած էիննաեւ ուխտաւորներ։
Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, Բրկ. Յակոբ Կ.Սրկ. Սարաֆեան, Բրկ. Գաբրիէլ Կ.Սրկ. Կէօքօղլու եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւններըկատարուեցան ներկայ հոգեւորհայրերու եւ ուխտաւորներու կողմէ, առաջնորդութեամբ եւերգեհոնահարութեամբ Արժ. Տ. Նաթան Քահանայի։
Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ Հայ ժողովուրդի առաջինլուսաւորիչներէն Ս.Թադէոս Առաքեալի քարոզութեան եւ զոհաբերութեան անդրադարձաւ։ «ԵթէԱստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռմ. 8.31) Ս. Գրական համարին վրայշեշտադրելով, ըսաւ որ մարդ արարածը առանձինն տկար է այս աշխարհին մէջ եւ այս պատճառաւէ որ զօրութիւն մը կը բնտրէ, որուն միանալով ինք եւս զօրաւոր կրնայ դառնալ։ Հոգեւոր իմաստով, Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար ամենազօրն է Աստուած։
Կատարեալ կապուածութեամբ երբ անհատ մը կը միանայ իր Աստուծոյն եւ կը հետեւի իրեն, աներբեք առանձինն եւ տկար պիտի չմնայ։ Ս. Թադէոս եւ Ս. Սանդուխտ եղած էին նմանհաւատացեալներ, որոնք իրենց կեանքը նոյնիսկ զոհաբերելու աստիճան կապած էին Քրիստոսի եւհաւատարիմ մնացին իրենց հաւատքին մէջ, գիտնալով թէ՝ Աստուծոյ գործը կատարելը իրենցպիտի դառնար կեանքի ճանապարհ։
Պատրիարք Հայրը, յաջորդիւ յայտնեց որ սուրբերը չվախցան եւ չուրացան Քրիստոսը եւ ըսաւ. «Անոնց զօրաւոր հաւատքը մտածել կուտան այսօր մեզի։ Հարցումը հետեւեալն է. Երբ մերհաւատքը մեր շահերուն դէմ ըլլայ, մենք ինչպէ՞ս կը մօտենանք մեր հաւատքին։ Ահա մեծագոյնփորձութիւններէն մին է սա։ Ան որ իր հաւատքին համաձայն չկրնար ապրիլ կը սկսի հաւատալ իրապրածին։ Եթէ կարող չենք մեր հաւատքին կանոններուն եւ պահանջքներուն պատասխանել, այդժամանակ կը փորձենք մեր հաւատքը պատշաճեցնել մեզի։ Հետեւաբար մենք պէտք է իւրացնենքՔրիստոնէական արժէքները, որոնք փոխանցուեցան առաքեալներու ճամբով եւ մեր կեանքը պէտքէ բարձրացնենք մեր հաւատքի ճամբով»։
Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ անդրադարձաւ Ռումէլիհիսարի Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, յայտնելով թէ Վոսփորի գեղեցիկ եկեղեցիներէն մին է ան եւ ուխտաւորներ փութացած ենառանձինն չթողելու համար եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ սպասաւորները։ Այս առթիւ ՆուրիձաԵասուլքալի ատենապետած եկեղեցւոյ վարչութիւնը շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց։
Յաջորդիւ, տեղի ունեցաւ նաեւ մատաղօրհնութիւն եւ այս առթիւ յիշատակուեցան Ռ.Հիսարիեկեղեցւոյ հին եւ նոր սատարողաց ննջեցեալները։
Հոգեւոր հանդիսութեան աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Video: https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/1272699593563441
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun