Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «ՄենքԵՐԳենք Եւ ՊԱՐենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու երրորդը տեղի ունեցաւ 29 Յուլիս2022, Ուրբաթ, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզը։
Հանդիսութեան ներկայ եղաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալովԿղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Դպրապետ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուն։ Երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ երիտասարդներ եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։
Հանդիսութեան սկիզբը եկեղեցւոյ երիտասարդներէն Նարօտ Զուրնաճը բարի գալստեան խօսքարտասանելով, ներկայացուց երեք նուագողները՝ Նայաթ Թէքիրօղլուն, Նայիրա Այտընը եւ ԼիլիանԱւիթօղլուն։ Յաջորդիւ երիտասարդներ եւրոպական դասական եւ հայկական ժողովրդականերաժշտութենէ նմոյշներ ներկայացուցին։ Ի տարբերութիւն նախորդ հանդիսութիւններէ, այսանգամ նուագողներէն Նայիրա Այտըն, թէ՛ նուագեց Հայկական երգեր եւ թէ՛ ինք մեներգեց սոյներգերը։
Հանդիսութեան աւարտին Յարութիւն Վարդապետ, հակիրճ սրտի խօսք մը արտասանեց եւ յատուկշնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Պատրիարք Հօր, յայտնելով թէ՛ Նորին Ամենապատուութեանմասնակցութիւնը կ՚ընկալէին երիտասարդներուն հանդէպ խրախուսանք ու օրհնութիւն։ Այս առթիւերեք երիտասարդները Սրբազան Պատրիարք Հօր ներկայացուց, որմէ յետոյ ՆորինԱմենապատուութեան ձեռամբ յիշատակի նուէրներ տրուեցան նուագող երիտասարդներուն։
Ապա, հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուածաշխատութեան համար։ Յայտնեց, որ անձնական երաժշտական եւ նուագի աշխատութիւններըընդհանրապէս կը սկսին ծնողներու առաջնորդութեամբ եւ առ նուազն տարի մը կը տեւէ այսընթացքը։ Երբեմն տղաք կը զզուին եւ կը հեռանան այդ աշխատութիւններէն, իսկ ոմանք տարի մըյետոյ առաւել եւս կը մօտենան երաժշտութեան, կը սիրեն նուագելը եւ երաժշտութիւնը իւրացնել կըսկսին։ Այս առումով, ներկայ երեք երիտասարդները, յայտնի էր որ լաւ մարզուած էին, սակայնաւելի կարեւորը սիրելով կը կատարէին իրենց աշխատութիւնը։ Այս առթիւ, շեշտեց որերիտասարդներուն սոյն տաղանդները, իրենց կեանքերը պիտի զարգացնէին ապագային եւ որպէսանհատ առաւել եւս արժէքներով օժտուած պիտի ներկայանային ապագայ կեանքին։ Այս առումով, մաղթեց, որ անոնք միշտ շարունակեն երաժշտութիւնը սիրել, երաժշտութեամբ զարգանալ եւ իրենցոգեւորութեամբ ոգեւորել թէ՛ իրենց ընտանիքները եւ թէ՛ հարազատները։
Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ Յարութիւն Վարդապետին եւՍեւան Աթաօղլուին, որոնց կազմակերպութեամբ երիտասարդներ իրենց տաղանդը ներկայացնելուդաշտը գտած էին Գնալը Կղզիին մէջ։
Հուսկ բանքէն յետոյ, ներկաները միասնաբար երգեցին «Հինգալլա» երգը, երգեհոնահարութեամբՆայիրա Այտընի։ Հանդիսութեան աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը մօտէն ծանօթացաւ նաեւ նուագողերիտասարդներով ու իրենց ընտանիքներով եւ այս առթիւ անգամ մը եւս փոխանցեց իր հայրականգնահատանքը։
Photo: Bolis Photo
Video: https://www.facebook.com/artundamadian/videos/614881609960054
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun