İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ Ի ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ

Համայնքային Հիմնարկներու (վաքըֆ) Ընտրութեան Կանոնագրութիւնը հրապարակուեցաւ 18 Յունիս 2022ին։ Այս հրապարակումէն յետոյ շուրջ վեց շաբաթ անցած ըլլալով կ՚ուզեմ ընդգծել, թէայլեւս այս ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր առնելու հարկադրանքին հետ դէմ յանդիման կըգտնուինք։ 

Այլ համայնքներու վարչային դէմքեր կանոնագրութեան կարգ մը գործնական կէտերու մասինլուսաբանուելու համար պատկան պաշտօնատարներու հետ շփումներ ունեցան, ներկայացնելովիրենց հարցերն ու հարցումները։ Այս շփումներէն յետոյ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեանկողմէ եղած յայտարարութիւններով հետեւեալ պայմանները յստակացած են. 

Ա. Ընտրութեան սահմաններու համար որոշուած է երեք շրջան։ Այդ շրջաններու որեւէ մէկուն մէջընտրելի եւ կամ քուէարկող ներկայացողներու համար հարկեցուցիչ պայման է, որ անոնք տուեալշրջանէն ներս բնակողներ ըլլան նուազագոյն վեցամսեայ ժամանակաւ։ Ըստ ներկայկանոնագրութեան, երեւոյթը այն է, թէ կարելիութիւն չկայ որ որեւէ հիմնարկի մը վարչութեանընտրութիւնը կատարուի նահանգային ընդհանուր սահմաններու մէջ։ Միւս կողմէ ընտրելիթեկնածուներ որոնք եւս ենթակայ են շրջանային սահմանափակման, իրենց շրջաններէն դուրսհիմնարկի մը վարչութեան թեկնածու ներկայանալը անկարելի է, եթէ յատուկ արտօնութիւն չտրուի։

Այս պարագային կարգ մը հիմնարկներ կը փափաքին իրենց իրաւականպատճառաբանութիւնները ներկայացնելով գրաւոր դիմում կատարել որպէսզի իրենցընտրութիւնները կատարուին նահանգային ընդհանուր սահմաններուն մէջ։ Յամենայն դէպս անոնքորպէս առաջնահերթ քայլ, պէտք է ընտրութեան որոշումը կայացնեն։

Բ. Շրջանային սահմաններու մէջ կարելի է Հասարակաց Ընտրողական Կարգադիր յանձնախումբերկազմել։ Այսպէսով կարելի կ՚ըլլայ ապահովել աւելի մեծ թիւով մասնակցութեամբ եւ թափանցիկընտրութեանց կատարումը։ Շրջանային Ընտրողական Յանձնախումբերու այժմէն կազմուած ըլլալըուրախալի պարագայ մըն է։ ԷՐՎԱՊի երդիքին տակ շրջանային ընտրողական յանձնախումբերուհամակարգեալ աշխատութիւնը ապահովելով, այս գործընթացքները պէտք է կեանքի կոչուին, հասարակաց սկզբունքներով եւ զօրակցութեամբ գործնական հարցերը լուծելով։

Ընտրութիւններու կանոնաւոր եւ որեւէ տարակուսանքէ հեռու կատարումը, կապուած էհիմնարկներու վարչութեանց, հասարակաց շրջանային ընտրողական յանձնախումբերու միջեւհաստատելի առողջ յարաբերութեանց։ Այս մէկը անզանցառելի կենսական պարագայ մըն է։ Այնհիմնարկներու վարչութիւնները, որոնք կը մերժեն հասարակաց ընտրողական յանձնախումբերուհետ գործակցիլ, բնականաբար կը մատնուին կասկածելի դիրքի։

Գ. Քուէարկողներու շրջանային հասարակաց ցանկերը պէտք է պատրաստուին եւ իւրաքանչիւրհիմնարկի վարչութիւն Վաքըֆներու Տնօրէնութեանց ներկայացնէ այս հասարակաց ցանկը որպէսիր ընտրողներու ցանկը։ Այս ցանկերու կանոնաւոր եւ առողջ հիմերու վրայ պատրաստութեանհամար, վարչութիւնները պէտք է զօրաշարժի ենթարկել։ 

Որպէսզի բարձր թիւով մասնակցութեամբ ընտրութիւն մը կատարուի, պարտինք համայնքայինզգայնութիւնը զօրացնել։ Որպէս Ձեր Պատրիարքը, կանխաւ կը շեշտեմ, թէ հանրային կարծիքինկատառման պիտի յանձնեմ այն վարիչները, որոնք կը փորձեն սահմանափակել, բարձր թիւովքուէարկողներու մասնակցութեամբ կատարելի ընտրութեան հաւանականութիւնը։

Կը տեսնենք, թէ ընտրութեան գործընթացը մեր համայնքային կեանքէն ներս աշխուժութիւն մըյառաջացուցած է։ Կը յուսամ, որ պիտի իրականանայ ընտրութիւն մը, գիտակցելով անոր ունեցածկենսական դերին, նաեւ համայնքի բոլոր շրջանակները ներառնելով այս գործընթացին, իմասնաւորի օգտագործելով երիտասարդներու եւ կանանց աշխուժութիւնը։

Աստուած մեզի օգնական ըլլայ։

+ ՍԱՀԱԿ Բ.

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

29 Յուլիս 2022,

Գումգաբու 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın