İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպի Հայկական Վարժարանները

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ 

Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը 

Յայտնի է, որ դեռ 15-րդ դարուն Հալէպի մէջ գոյութիւն ունեցած է Դպրատունը, որ գրչատուն եղած է, ուր գրուած կամ ընդօրինակուած են հայերէն ձեռագրեր:

Հալէպահայերը, կամ Հալէպի մէջ ապրող պանդուխտ հայերը եղած են դպրոցասէր. 19-րդ դարուն անոնք Հալէպի, կամ իրենց ծննդավայրի մէջ դպրոցներ հիմնելու կամ անոնց գոյութիւնը ապահովելու համար կազմած են միութիւններ, կազմակերպած են թատերական ներկայացումներ, հանգանակութիւններ, կատարած են նուիրատուութիւններ: 

20-րդ դարուն, հայկական Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, Հալէպի մէջ հիմնուած են համայնքային եւ հայրենակցական բազմաթիւ դպրոցներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարէ աւելի աշակերտ:

Հետզհետէ, նօսրացած է հայկական դպրոցներուն թիւը, վերջին տասը տարիներուն՝ Սուրիոյ տագնապի այս օրերուն, գաղթի պատճառաւ մեծապէս նուազած է նաեւ հայ աշակերտներուն թիւը:

Հայկական դպրոցներուն ներկայ խճանկարը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

Ազգային Միացեալ Վարժարան

Անապահովութեան պատճառաւ, քանի մը ամիս փակ մնալէ ետք, 2014-ին, Ազգային չորս վարժարաններ՝ Զաւարեան, Կիւլպէնկեան, Հայկազեան եւ Սահակեան, իրար միանալով, որպէս Ազգային Միացեալ Վարժարան իրենց դռները վերաբացին Կիւլպէնկեան Վարժարանի շէնքին մէջ: Այս դպրոցը ունի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններ, շրջանաւարտներուն մեծ մասը իր միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: 2021-2022 տարեշրջանին աշակերտութեան թիւն է 420:

Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարան

Հ.Բ.Ը.Միութեան պատկանող այս վարժարանը հիմնուած է 1954 թուականին: Մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններ ունեցող կրթական այս հաստատութիւնը, տակաւին քանի մը տարի առաջ իր 1600 աշակերտներով Հ.Բ.Ը.Մ.ի ամենամեծ վարժարանն էր համայն աշխարհի մէջ: Այժմ ունի 400 աշակերտ: 2021- 2022 տարեշրջանի պրովէի (միջնակարգի աւարտական) պետական քննութիւններուն մասնակցած են 32, յաջողած՝ 31 աշակերտներ՝ 27-ը հայ: Պաքալորիայի Երկրորդականի աւարտական պետական քննութիւններուն մասնակցած են 32, յաջողած են 28 աշակերտներ՝ 24-ը հայ:

Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւն (Կիլիկեան Ճեմարան)

Հիմնուած է 1921-ին, կը պատկանի հնչակեաններու Կիլիկեան Մշակութային Միութեան: Սուրիոյ տագնապի ընթացքին, Փառաւոր անցեալ ունեցող այս դպրոցը, իր անապահով տեղին պատճառաւ աշակերտներու թիւի մեծ նուազում արձանագրած է: ներկայիս ունի 92 աշակերտներ, որոնք, մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգ ու երկրորդական իրենց բաժիններով տեղաւորուած են Ճիտէյտի թաղամասի Հարաթ Էլ Սիսի նեղլիկ փողոցի երեք շէնքերու մէջ: 2021- 2022 տարեշրջանի պրովէի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 10, յաջողած՝ 9 աշակերտներ՝ երեքը հայ: Պաքալորիայի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 8, յաջողած են 4 աշակերտներ, ձախողածներէն մէկը հայ է:

Կրթասիրաց-Սարգիս Չէմպէրճեան Վարժարան

Այնթապահայոց Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան պատկանող մանկապարտէզէն երկրորդական դասարաններ ունեցող այս վարժարանը հիմնուած է 1924-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից: Ունի 700 աշակերտ: : 2021- 2022 տարեշրջանի պրովէի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 52, յաջողած՝ 31 աշակերտներ՝ 7-8-ն հայ: Պաքալորիայի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 62, յաջողած են 50 աշակերտներ՝ 8-10 հայ: Գրական բաժնին մասնակցած են 6, յաջողած են 6 աշակերտներ՝ երեքը հայ:

Հայ Աւետարանական Բեթէլ Վարժարան

Հիմնուած է 1923-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյն կից: Այժմ ունի 240 աշակերտ: 2021- 2022 տարեշրջանի պրովէի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 20, յաջողած՝ 20 աշակերտներ՝ վեցը հայ: Պաքալորիայի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 16, յաջողած են 16 աշակերտներ 6-7 հայ:

Հայ կաթողիկէ Զուարթնոց Վարժարան

Մանկապարտէզէն Միջնակարգ կրթութիւն ջամբող այս վարժարանը հիմնուած է Հայ Կաթողիկէ Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյն հետ: նոյն տարին՝ 1965-ին: Դպրոցը մինչեւ անցեալ տարի կը գտնուէր Հայ Կաթողիկէ Անարատ Յղութեան քոյրերու խնամքին տակ: Այժմ կը գտնուի համայնքի առաջնորդարանին անմիջական հսկողութեան ներքեւ: 2021 -2022 տարեշրջանին տարեշրջանի պրովէի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 20, յաջողած՝ 20 աշակերտներ՝ վեցը հայ:

Մխիթարեան Վարժարան

Համանուն միաբանութեան այս վարժարանը ունեցած է փառաւոր անցեալ: Ցաւոք ներկայիս ունի միմիայն 84 աշակերտներ, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը հայ չէ:

Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան

Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններէ բաղկացած այս վարժարանը հիմնուած է 1947-ին, ունի 325 աշակերտ, հաւանաբար բոլորը հայ: 2021- 2022 տարեշրջանի պրովէի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 49, յաջողած՝ 49 աշակերտներ: Պաքալորիայի պետական քննութիւններուն մասնակցած են 36, յաջողած են 36: Գրական բաժնին մասնակցած են 13, յաջողած են 11 աշակերտներ:

Հայկական վարժարաններու առջեւ ծառացած խնդիրներ

Հայկական բոլոր վարժարանները ունին իրենց խնամակալութիւնը կամ հոգաբարձութիւնը: Պատասխանատու մարմինները ամէն ճիգ կը գործադրեն մէկ հայ մը աշակերտ իսկ աւելի ունենալու համար:

Մեր վարժարաններուն առջեւ ծառացած մեծագոյն Խնդիրներէն մէկը նիւթական միջոցներու ապահովումն է: Պատասխանատու մարմինները ամէն ճիգ կը գործադրեն դպրոցը բաց պահելու համար: Դպրոցին անվերապահօրէն սատար կը կանգնին մեր դպրոցներու արտերկրի մէջ գտնոուղ Շրջանաւարտից միութիւնները: սակայն նիւթական ահագնացող կարիքները ապահովելու համար վարժարանէն ներս յաճաԽ կ’ընդունուին ոչ հայ աշակերտներ եւս, պարագայ մը որ կը վտանգէ Հայ դպրոցին առաքելութիւնը, չէ՞ որ դասարանին մէջ քանի մը ոչ հայ աշակերտներու գոյութիւնը խօսակցական լեզուն արաբերէնը կը դարձնէ:

Կարեւոր խնդիր մըն է նաեւ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու հարցը, այս հարցը ունի երկու երես.- ուսուցիչներու սակաւութիւնը եւ ատակ ուսուցիչներու պակասը:

Այս երկու խնդիրներուն ալ լուծումը պէտք է փնտռել Հայերէնի ուսուցիչներու վարձատրութեան գրեթէ չնչինութեան մէջ:

Այլ խնդիր մըն ալ, որ հաւանաբար կարեւորագոյնն է, աշակերտներուն կողմէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ ունեցած անտարբերութիւնն է, չըսելու համար արհամարհանքը, չէ՞ որ հայերէնի նիշը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի դասարանը փոխելու մէջ:

Եզրակացութեան յանգելու համար պէտք է արձանագրել, որ մեր դպրոցները, հակառակ սփիւռքեան այլ վարժարաններու հետ համեմատական բարւոքութեան, անդիմադրելի գահավիժող ընթացք մը ունին…

Աւա՜ղ փառացս անցաւորի…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 25 Յուլիս 2022

https://www.civilnet.am/news/669250/հալէպի-հայկական-վարժարանները/?fbclid=IwAR1_JLYMxsth8d0psNue-zuMLShB6bH7fzVaGFzZltIFYsKv8YHcNWSzJv0

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın