İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐ ՀԱՆԴԻՊԱԾ ԵՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար հրապարակուած նոր կանոնադրութեան լոյսին տակ, անցեալ շաբաթավերջին մեր համայնքին տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է։ Այսպէս, թրքահայ քանի մը վաքըֆներու ներկայացուցիչներ առիթն ունեցած են մէկտեղուելու եւ խորհրդակցելու Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներկայացուցիչներու հետ, որոնք եկած էին մայրաքաղաքէն։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտալուտ տօնական արձակուրդէն առաջ համայնքային շրջանակներէ ներս՝ մանաւանդ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ) հարթակին վրայ լսումներ շրջանառութեան մէջ մտած էին, թէ աշխատանքային օրեր վերադառնալէ վերջ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչները եւ մեր համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարները պիտի մէկտեղուին, որպէսզի նոր կանոնադրութեան վերաբերեալ տարակուսելի հանգամանքները յստակացուին։ Մինչ այդ սպասումը կը շարունակուէր, յոյն համայնքի ներկայացուցիչները արդէն այցելեցին Անգարա՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւն, վերադարձին ալ՝ Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէնութիւն։ Անոնք հնարաւորութիւն ունեցան պատկան մարմիններու տրամադրութիւնը շօշափելու եւ հաղորդ դառնալու անոնց մօտեցումներուն՝ նոր կանոնադրութեան գործադրութեան առումով։ Նոյնիսկ որոշ հրապարակումներ ալ կատարուեցան այդ շփումներու լոյսին տակ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ակամայ օրակարգի վրայ եկած էր հարցումը, թէ արդեօք ե՞րբ տեղի պիտի ունենար թրքահայ համայնքի վարիչներուն հետ նախատեսուած հանդիպումը։

Անցեալ շաբթուան վերջին աշխատանքային օրերուն այս առումով իսկապէս շատ հետաքրքրական լսումներ հասան համայնքային շրջանակներէ։ Այսպէս, յոյն համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Իսթանպուլի մէջ հանդիպած՝ մայրաքաղաքէն յատկապէս ժամանած պաշտօնատարներու խումբը կանխաւ ծրագրած է նաեւ մէկտեղուիլ թրքահայ համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մինչ համայնքային շրջանակները պաշտօնական մարմիններու կողմէ հրաւէրի մը սպասած են, պատկան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներն ալ ակնկալած են դիմում մը՝ հաշուի առնելով, որ մայրաքաղաքէն յատկապէս այս նպատակին համար փութացած են Իսթանպուլ։ Ստեղծուած թիւրիմացութեան մթնոլորտին մէջ, հազիւ անցեալ շաբթուան վերջին աշխատանքային օրը հապճեպով տեսակցութիւն մը կազմակերպուած է Անգարայէն եկած պատասխանատուներուն հետ։ Քանի մը համայնքային վարիչներ եւ իրաւաբաններ մասնակցած են սոյն հանդիպման, որու ընթացքին տեղեկութիւններ քաղած են անոնցմէ։ Այս շփումին կապակցութեամբ լսումները, ըստ էութեան, տարբեր չեն յոյն համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ հրապարակուած տուեալներէն։ Այսինքն, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, կանաչ լոյս չեն վառած նոր կանոնադրութեամբ սահմանուած ընտրաշրջանները ճկունացնելու ուղղութեամբ։ Մայրաքաղաքէն ժամանած դիւանակալները յայտնած են, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը նախատեսէ նորահաստատ կանոնադրութեան հիմնական առանցքներուն շուրջ ընթացք տալ ընտրական գործընթացին։

Այստեղ մատնանշուած թիւրիմացութիւնը, անշուշտ, գայթակղեցուցիչ բնոյթ ունի եւ ցոյց կու տայ վարչական գետնի վրայ մեր դիմագրաւած չափազանց սիրողական վիճակը։ Միեւնոյն ժամանակ, այս վիճակը, բնականաբար, հարցականի տակ կը թողու այն լսումներն ու մեկնաբանութիւնները, որոնք կը հասնին այդ նոյն համայնքային շրջանակներէն։ Յամենայնդէպս, անոնց հաւատալէ կամ գոնէ զանոնք փոխանցելէ զատ ճար մը չկայ այս պահուն։

Միւս կողմէ, նոյնպէս մեր ստացած տեղեկութիւններով, ԹՎՄ-ի թեքնիք պատասխանատուներու խումբը այսօր ժողով մը կը գումարէ՝ առցանց հարթակի վրայ ընտրողներու ցուցակները այժմէականացնելու եւ հնարաւորինս կատարելագործելու նպատակով։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F25-07-2022-կարգ-մը-համայնքային-վարիչներ-հանդիպած-են-վաքըֆներու-ընդհանուր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın