İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տապանակի յիշատակին եւ նոր տապանակ՝ Ս. Եկեղեցւոյ տօնին՝ Պատրիարքական Աթոռս օժտուեցաւ երկու նոր հոգեւորականներով՝ ժառանգաւոր սաներ՝ Բրշ. Արտա Փնարճեանի եւ Բրշ. Գրիգոր Կարապետեանի քահանայական ձեռնադրութեամբ։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

22 Յուլիս 2022, Շաբաթ, տօն էր «Յիշատակի Տապանակին Հնոյ եւ Տօն նորոյս Սրբոյ Եկեղեցւոյ»։ Նոյն առթիւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի եւ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։

Արարողութեան մասնակցեցաւ Աթոռոյս հոգեւորական դասը։ Ներկայ էր նաեւ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչ Տիմիթրի Քահանան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ դպրաց խումբին եւ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու մասնակցութեամբ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

«Զի ողորմած…» աղօթքէն առաջ, խարտաւիլակներ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան դասուն մէջէն Նորին Ամենապատուութեան առաջնորդեցին ընծայեալները։ Ծնրադիր ու սաղմոսներով գնացքը կանգ առաւ մեր Հոգեւոր Պետին առաջ, որու աղօթքներէն ու սուրբգրոց ընթերցումէն ետք, նուիրեալները որպէս աշխարհուրացման նշան ձեռամբարձ դարձան դէպի արեւմուտք եւ երգուեցաւ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…» երգը, որուն երիցս կը պատասխանէր երգչախումբը. «Արժանի են»։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Արտա եւ Գրիգոր սարկաւագներու ուրարները փոխակերպեց փորուրարի, ապա աղօթքներով հագուեցուց փիլոնը, սաղաւարտը, շուրջառը, յանձնեց պատարագիչի զգեստները։

Աւանդատան մէջ խարտաւիլակներն ու սպասարկողներ զգեստները հագուեցուցին ընծայեալներուն եւ «Խորհուրդ խորին» շարականով բեմ առաջնորդեցին։

ՕԾՈՒՄ

Խարտաւիլակ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան կատարեց Ս. Միւռոնի վերաբերումը, որմէ ետք Նորին Ամենապատուութիւնը սկսաւ օծել նորընծաները։ Նախ օծեց ճակատը Արտա Սրկ.ին եւ անուանեց զայն Տ. Մելքոն Քահանայ։ Ապա օծեց նաեւ աջ եւ ձախ ձեռքերը։ Նոյնը կատարեց նաեւ Գրիգոր Սրկ.ին եւ անուանեց Տ. Գասպար Քահանայ։ Ապա տուաւ իրենց Ս. Պատարագ մատուցանելու իշխանութիւն։

Յետոյ նորընծաները տուին իրենց առաջին քահանայական ողջոյնը. «Խաղաղութիւն ամենեցուն»։

Նորին Ամենապատուութիւնը այստեղ քարոզեց, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորօծ Տ. Մելքոն եւ Տ. Գասպար քահանաները եւ աւարտեցաւ օծման կարգը։

Սարկաւագի «Ողջոյն տուք միմեանց» քարոզէն ետք, սկսեալ Նորին Ամենապատուութենէն, բոլոր հոգեւորականները բեմ բարձրանալով իրենց առաջին ողջոյնը տուին նորընծաներուն։

Ապա Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ կանոնական կերպով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, դասին մէջ ժողովուրդը մօտենալով համբուրեց նորընծաներու նորօծ աջերը։

Իսկ եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։

*

Տ. Գասպար նորօծ քահանայ, որ ընդունուած է որպէս կուսակրօն քահանայ, իր աբեղայական օրհնութիւնն ու վեղարի տուուչութիւնը պիտի կատարուի 24 Յուլիս 2022, Կիրակի, Պայծառակերպութեան Տօնի երեկոյեան, ժամը 16.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Նորընծաները իրենց կանոնական ապաշխարութեան քառասունքի շրջանը կը բոլորեն Պատրիարքարանի համալիրին մէջ, որմէ ետք պիտի մատուցանեն իրենց անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Ձեռնադրութեան եւ օծման ամբողջ հանդիսութիւնը տեսասփռուեցաւ հետեւեալ հասցէէն.

https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/364596592498889

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın