İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. ՊատրիարքՀօր, 23 Յուլիս 2022, Շաբաթ օր պիտի օժտուի երկու նոր հոգեւոր հայրերով։ Պատրիարքական Աթոռոյ երկուժառանգաւոր սաներ՝ Տրց. Արտա Սրկ. Փնարճեան եւ Տրց. Գրիգոր Սրկ. Կարապետեան, առաջինը պիտի դառնայ՝ ամուսնացեալ քահանայ, իսկ երկրորդը՝ աբեղայ։

Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան ընդառաջ, 22 Յուլիս 2022, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Պատրիարք Հօրնախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Տիրացու Արտա եւ Տիրացու Գրիգոր սարկագներու կոչման արարողութիւնը։Պատրիարք Հայրը, Պատրիարքարանէն եկեղեցի առաջնորդուեցաւ հոգեւորականաց դասու կողմէ։ Արարողութեաններկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան եւ քահանայ հայրեր, սարկաւագներ, դպիրներ, ընծայեալներու հարազատները, ինչպէս նաեւ Մայր Եկեղեցւոյ ընտանիքէն անդամներ։

Նախ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ ժամերգութեան աւարտին սկիզբ առաւխորհրդաւոր արարողութիւնը։ Ընծայեալներ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ մայր դռնէն դէպի դաս ծնկաչոք մօտեցան։ Այս պահուն, վկայութիւն տրուեցաւ Տիրացու Արտայի եւ Տիրացու Գրիգորի արժանաւորութեան, իրենց վարքին ու կենցաղինմասին։

Անոնք, յանձն առին քահանայութեան լուծը, աշակերտիլ եւ հետեւիլ եկեղեցւոյ բոլոր ուղղափառ հայրապետներուն եւ վարդապետներուն ու նզովեցին բոլոր հերձուածողները։ Ապա կարդացինՍուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի խմբագրած ուղղափառ դաւանութեան հանգանակը։

Կոչման արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւյատկապէս երկու ընծայեալներուն։ Իր խօսքերուն մէջ կոչման արարողութեան մասին տեղեկութիւնտալով, ըսաւ թէ՝ ինչպէս տօնական օրեր ունին իրենց նախատօնակը, այնպէս ալ կոչման արարողութիւնը նախատօնակն էքահանայական ձեռնադրութեան խորհրդակատարութեան։ Երկու ընծայեալներ քայլ մը եւս մօտեցած ենքահանայական ձեռնադրութեան այդ սուրբ պահուն եւ վաղը առաւօտ յընթացս Ս. Պատարագինպիտի ձեռնադրուին քահանաներ։ Յայտնեց թէ՝ իրենց մասնակցութեամբ Պոլսոյ Աթոռը առաւել եւսպիտի զօրանայ։ Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարեւորութիւնը շեշտելով, ըսաւ թէ ձեռնադրութեան կարգի օրհնութիւնըկու գայ Աստուծմէ, հետեւաբար հաւատարիմ մնան Աստուծոյ պատուիրաններուն եւուսուցումներուն, որպէսզի թէ՛ իրենք օրհնուին Տիրոջմով եւ թէ՛ օրհնեն իրենց յանձնելի ժողովուրդը։ 

Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերու աւարտին աղօթելու հրաւիրեց ժողովուրդը, որպէսզի յիշեն երկուընծայեալները, վաղուան ձեռնադրութեան ընդառաջ։ Պատգամի աւարտին, Պատրիարք Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ընծայեալներն ու ներկայ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Արարողութեան աւարտին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան Սրահին մէջ հիւրասիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասուանդամները եւ արարողութեան ներկայ ժողովուրդը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın