İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՌԱՆՑ ՄԵՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ԿԱՐՈՅԻՆ…

ՄԱՐՄԱՐԱ

Սիրելի Կարօ, Մարմարա-ի Կարօ, մեր հարազատ անդամ ու բարեկամ…

Տարի մը անցաւ ու թէեւ որպէս քու մահուան թուական արձանագրուած է 21 Յուլիս 2021 տարեթիւը, չուզեցինք «մահուան տարելից» գրել մինչեւ այն ժամերը երբ տարի մը առաջ սիրտդ թոյլ բաբախումներով կը փորձէր պահել կեանքի նշոյլները, իսկ բժիշկներ կը պայքարէին քեզ ապրեցնելու համար։ 

Երէկ ամբողջ օրը յիշեցինք որ տարի մը առաջ, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր դեռ ողջ էիր ու մենք ալ մտքով քեզի հետ, անընդհատ կþաղօթէինք ու հրաշքի կը սպասէինք, որովհետեւ քեզի չէինք վայլեցներ այդպիսի բաժանում մը։

Բայց… ճակատագիրը դաժան էր։ Համաճարակի մահուան շուքը իջաւ նաեւ Մարմարա-ի մեր ընտանիքին վրայ ու չխնայելով առաւ-տարաւ քեզ, մեզմէ խլեց լաւ աշխատակից մը, լաւ գործընկեր մը, լաւ մարդ մը, լաւ բարեկամ մը, լաւ ընկեր մը, մեծ սրտի տէր հարազատ մը ..։

Ինչպէ՜ս որ դժուար է անցեալ ժամանակով խօսիլ քու մասին, այնպէս ա՛լ աւելի դժուար ու ցաւալի է տեսնել քու պարապ աշխատասեղանը, որու դիմաց այլեւս հազուադէպօրէն կը նստինք։ «Կարոյի որբ սեղանը». անուն մը դրած ենք, բայց ամէն անգամ խմբագրատուն մտած ատեն կարծես քու երեւակայական դէմքն է որ կþողջունէ մեզ կամ երեկոյեան տուն կը ճամբէ խմբագրատան կամ տպարանի գործերը վերջացնելէ ետք։

«Կարոն կը կարգադրէ», «Կարոյին կը հարցնենք», «Կարոն կը բերէ», «Կարոն կþերթայ», «Կարոն կը խօսի», «Կարոն կ’ապսպրէ». այս արտայայտութիւնները մեր աշխատանքի ժամերուն ամէնէն յաճախ լսուած խօսքերն էին, որովհետեւ թերթը, փոքրիկ ընտանիքէդ ետք երկրորդ տունդ էր, խմբագրութիւնը՝ հարազատ տանիք, որուն կապած էիր կեանքդ եւ որուն յարկին տակ անցուցած՝ կեանքիդ աւելի քան քառասուն տարիները։

Չենք հաշտուած կորուստիդ հետ։ Առաջին օրերն ու ամիսները սարսափելի էին, մենք մեզ կը մեղադրէինք ժպտելու, որեւէ առիթով ուրախանալու համար։ Խիղճը կը տանջէր, կը կոտտացնէր բոլորիս սիրտը, որովհետեւ բան մը կիսատ կը մնար, ժպիտը կþառկախուէր մեր դէմքին, ուրախութեան այդ վայրկեանը տեղը կը թողուր վշտալից իրականութեան ու արցունքները ակօսներ բանալով կþողողէին մեր դէմքերը։ 

Չարաղէտ Յուլիսէն ետք յիշողութիւնները շատ թարմ էին, կարօտը այնքա՜ն ծանրօրէն չէր կրծեր մեր կոկորդը, որովհետեւ «անցեալ տարի այս օրը» ըսելով կը սկսէինք խօսքի կամ զրոյցի ու կարծես քեզ «ֆիզիքապէս» կ’ապրեցնէինք այդ յիշողութիւններու ընդմէջէն։ Մեր գրպանի հեռաձայնները կը բանայինք ու քեզի հետ ունեցած «վաթսափ»«ի հաղորդագրութիւնները բարձրաձայն կը կարդայինք, հիւանդանոց տեղափոխուելէ առաջ վերջին լուսանկարին մէջ դէմքդ շատ թախծոտ էր, կարծես «մնաս բարով»« կþըսէիր մեզի ու գիտէիր որ վերջակէտը մօտ էր…։ Այդպէս ալ եղաւ։

Քեզմէ վերջ այլեւս որեւէ տարեդարձ չենք նշեր խմբագրատան մէջ։ Այդ յատուկ օրերը քեզմո՛վ է որ իմաստ կը ստանային, կարկանդակի ծաղը դուն կը կարգադրէիր, անպայման քո՛ւ սեղանին վրայ կը դնէինք ծննդեան կամ տօնական որեւէ այլ առիթի կարկանդակը ու բոլորս վար իջնելով այդ աշխատասեղանին շուրջ կը համախմբուէինք պահը անմահացնելու համար։ Խմբագրատան հիւրերը նոյնպէս հո՛ն կը լուսանկարուէին, որովհետեւ սենեակի ամենալաւ անկիւնն էր ու յաջող լուսանկարներ կը ստանայինք բնական լոյսի ճիշդ ցոլացումով։ Հիմա այդ օրերը իմաստազրկուած են ու շատ քիչ կþուրախանանք։ Երանի՜ թէ…ները ամէն պահու գլուխ կը բարձրացնեն, դաժանօրէն յիշեցնելով որ կեանքը կախեալ է բարակ թելէ մը։

Շատ կը վախնայիր Քովիտէն։ Հաւանաբար ներքուստ կանխազգացում մը ունէիր որ վարակը մահաբեր պիտի ըլլար քու համար։ Խմբագրատան մէջ ուրիշ ո՛չ մէկը այնքան ուշադիր էր, որքան դուն։ Դիմակը միշտ դէմքիդ, ախտահարող նիւթերը սեղանիդ վրայ էին ու կրնայիր իրաւամբ նկատուիլ համաճարակէն պաշտպանուող ամէնէն կարգապահ անձերէն մէկը։ Բայց… մահուան մարաթոնդ սկսաւ 1 Յուլիսին ու հազիւ քսան օր յետոյ զգետնեց քեզ, դարձուց 21 Յուլիս 2021ի Քորոնայի հետեւանքով վիճակագրական տուեալներուն մէջ անուն մը, զոհերէն մէկը։

Քեզի հետ առնչակից ամէն բան մեզի ուղեկից է որեւէ պահու։ Լուսանկարներու մեծ արխիւը կը բացուի «Կարօ ֆոթոլար»« ֆայլով եւ մինչ հոն կը տողանցեն տասնեակ հազարներով լուսանկարներ, կը դժուարանանք քո՛ւ լուսանկարը գտնել որեւէ ձեռնարկի առիթով։

Թեւաբեկ ենք բոլորս. մենք՝ խմբագրատան անդամներս, անուշիկ կինդ՝ Անին ու դուստրդ՝ Սելինը, ազգականներդ, բարեկամներդ ու ընկերներդ, որովհետեւ լա՛ւ մարդ էիր դուն, լա՛ւ մարդու հաւաքական կերպար էիր քու մեծ սիրտով ու հաւատարիմ մարդու բնորոշ բազում յատկանիշներով։

Մեզի համար գործընկերութենէն շա՜տ աւելին էր քու ներկայութիւնը, հարազատէն աւելի հարազատ, ազգականէն աւելի ազգական էիր ու գիտէինք որ կրնա՛նք անվարան վստահիլ քու բարեկամութեան։ Նոյն կարծիքին էին նաեւ այն բազմաթիւ ընկերներդ, որոնց համար քեզի հետ բարեկամութիւնը գոյն կուտար կեանքին։ Հաստատ բնաւորութիւն մը ունէիր ու անոնք, որոնք քեզի հետ ճամբայ ելած էին, երբեք չկասկածեցան որ կրնաս որեւէ պահու դաւաճանել բարեկամութեան կամ թիկունքէն զարնել եթէ շահը ա՛յդ կը պահանջէր, եթէ նոյնիսկ պայմանները ա՛յդ կը թելադրէին։ Սկզբունքային էիր, եթէ կը հաւատայիր գաղափարի մը, մինչեւ վերջ կը պայքարէիր ու առաջնորդ կը դառնայիր նաեւ գաղափարակից ընկերներուդ համար։

Այո՛, ցաւեր ու յուսախաբութիւններ ալ ունէիր, սակայն այնքա՜ն կը սիրէիր կեանքը ու քեզի համար այնքա՜ն թանկ էր բարեկամութիւնը, որ չէիր թողուր որ այդ յուսախաբութիւնները «արմատ կապէին» սրտիդ մէջ։ Յախուռն էր բնաւորութիւնդ ու շուտ կը բարկանայիր, քրոնիկ շաքարախտն ալ իր դերը ունէր ատոր մէջ, բայց քանի մը ժամ կամ օր յետոյ նոյն բարի Կարոն էիր, դէմքիդ այնքան վայլող լայն ժպիտով ու անյիշաչար մարդուն վեհ յատկանիշներով։

***

Բախտաւոր ենք որ քեզի հետ միասին խմբագրատան օդը շնչեցինք ու մեր բոլորի աշխատանքային կենսագրութեան մէջ երկար ու անմոռանալի էջեր կան կապուած քու անուան հետ։ Քու մարդ տեսակը շատ տարբեր էր ու ատոր գործնական օրինակը տուիր մեզի ու շրջապատիդ։                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                 

Կարգապահ ու բազմարդիւն աշխատանքին արգասիքը, գրաւականը Մարմարա-ի ու համայնքային տարեգրութեան մէջ դրոշմուած «հաւատարիմ ու անխարդախ բարեկամ» տիտղոսն է, որուն դափնեկիրը դարձար քու կեանքով ու գործունէութեամբ։

Այո՛, մահը եղաւ պարտութիւնը քու կեանքին։ Այո՛, այսօրուընէ սկսեալ պիտի չկարենանք ըսել «անցեալ տարի այս օրը»«, այո՛, քեզմէ յամեցող յիշատակները այլեւս տարբեր գնացք մը պիտի ունենան մեր խօսակցութիւններուն մէջ, բայց տխրութեան ու վշտի հետ միասին, ուրախ ենք որ նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինեց որ քեզի հետ աշխատեցանք, եղանք նոյն ընտանիքի անդամը եւ ծառայեցինք նոյն գաղափարներուն, ծառայեցինք հայ թերթը ապրեցնելու նպատակին։

Վարձքդ կատար։ Հողը թեթեւ ըլլայ քու գերեզմանին վրայ։ Խունկ ու աղօթք քու բարի յիշատակին…։ Մեր Կարօ…, Մարմարա-ի Կարօ…։

ՄԱՐՄԱՐԱ           

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın