İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀԵՀԵՄ»Ի ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Յուլիս 2022, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) համահայկական ուխտագնացութեան մասնակից Պոլսեցի երիտասարդներ՝ Բրկ. Շահին Ժան Ուր. Դպ. Քալտըրրմ, Տայք Միսիսօղլու եւ Երազ Չաղլաեան։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Երիտասարդները, սոյն այցելութեամբ փափաքն ունեցած էին թէ՛ իրենց երախտիքը յայտնելու Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ թէ՛ ուխտագնացութեան մասին իրենց տպաւորութիւնները փոխանցելու։ Անոնք յայտնեցին, որ 4 Յուլիսին, առաջնորդութեամբ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ուղղուած էին Հայաստան եւ շաբաթուայ մը կեցութեան աւարտին վերադարձած էին քաղաքս։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, 6-10 Յուլիսի միջեւ տեղի ունեցած ծրագրի ընթացքին, երիտասարդներ, առիթը ունեցած էին զանազան երկիրներէ երիտասարդներու հետ համախմբուելու, անոնց մշակոյթներու մասին տեղեկութիւններ ստանալու, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու։ 

Այս բոլորին մէջ յատկապէս կ՚առանձնանար Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, Ազգիս Վեհափառ Հայրապետի ընդունելութիւնը, ինչպէս նաեւ Բջնիի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած ուխտաւորաց Ս. Պատարագը։ Երիտասարդներ այս առթիւ ուրախութեամբ անդրադարձան, թէ՝ Վեհարանի ընդունելութեան ընթացքին, յանուն մասնակից երիտասարդներու, սրտի խօսք արտասանելու պաշտօնը վստահուած էր Պոլսեցի երիտասարդներէն Երազ Չաղլաեանի։ Այս առթիւ յայտնեցին, որ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանն ու ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ եւ Կեդրոնական Գրասենեակի Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան յատուկ ողջոյններ յղած են Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, յայտնելով թէ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ գործօն մասնակցութիւնը ներդրում բերած էր սոյն ուխտագնացութեան։ Երիտասարդներ այս առթիւ փոխանցեցին նաեւ իրենց անձնական յուշերը եւ յայտնեցին որ, արդէն իսկ կը պատրաստուէին իրենց տպաւորութիւնները ներկայացնող յօդուածներ գրի առնելու։ 

Պատրիարք Հայրը, լսելով երիտասարդներու փոխանցած տեղեկութիւնները, իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ սոյն ուխտագնացութեան մասնակցութիւնը որակեց արդիւնաւոր ուղեւորութիւն մը։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ սոյն երիտասարդները հպարտ պէտք է զգային, նկատի ունենալով որ տասնեակ երիտասարդներու մէջ ներկայացուցած էին Պոլսոյ Աթոռը։ Պատրիարք Հայրը, լսած ըլլալով նաեւ խումբի առաջնորդող Յարութիւն Վարդապետի փոխանցած տեղեկութիւնները, ուրախութեամբ հաստատեց որ Պոլսեցի երիտասարդներ, լաւագոյնս իրենց մասնակցութիւնը բերած էին սոյն ուխտագնացութեան։ Այս այցելութիւնը նաեւ առիթ եղած էր տարբեր երկիրներէ տասնեակ երիտասարդներու հետ ծանօթանալու եւ նոր ընկերութիւններ հաստատելու, բան մը որ բաւականին արժէքաւոր կը նկատուէր։ Բաց աստի, այցելութիւնը առիթ եղած էր, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հովանաւորութեամբ այլ հոգեւոր առաջնորդներու, հոգեւորականներու հետ եւս ծանօթանալու եւ իրենց օրհնութիւնները ստանալու։ Պատրիարք Հայրը, թելադրեց, որ շարունակական ըլլայ իրենց ընկերութիւնները եւ փոխադարձ այցելութիւններով եւ ծրագիրներով առաւել եւս զօրանայ երիտասարդաց միջեւ հաստատուած եղբայրական մթնոլորտը։

Հանդիպման աւարտին, երիտասարդներ, կրկին շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր եւ առ ի յիշատակ Հայաստան տրուած այցելութեան, յանուն Պոլսոյ խումբին Պատրիարք Հօր նուիրեցին խաչքար մը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın