İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՄԱՌ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Յունական համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութեան՝ RUMVADER-ի ներկայացուցիչները այս շրջանին յամառ ու հետեւողական շփումներ կ՚ունենան պաշտօնական շրջանակներու հետ՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան լոյսին տակ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, RUMVADER-ի ներկայացուցիչները վերջին օրերուն Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի հետ։ RUMVADER-ի ատենապետ Երկօ Փափալեարիսի կողմէ գլխաւորուած խումբին մաս կազմած էր նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկաս։

Մայրաքաղաքէ վերադարձին այս պատուիրակութիւնը Իսթանպուլի մէջ ալ ունեցաւ կարեւոր հանդիպումներ։ Երէկ, RUMVADER-ի ներկայացուցիչները այցելեցին Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանային տնօրէնութիւնը, ուր եւս նոր կանոնադրութեան հրապարակման զուգահեռ՝ ունեցան խորհրդակցութիւններ, որոնք մաս կը կազմեն գործադրութեան հիմնական առանցքներու յստակեցման ջանքերու շրջանակին։

RUMVADER-ի ներկայացուցիչներուն այս շփումները ներկայիս Թուրքիոյ ոչ-իսլամ բոլոր փոքրամասնական համայնքներէն ներս ուշադրութեան առարկայ կը դառնան, որովհետեւ առկայ են բաւական անորոշութիւններ եւ, ըստ երեւոյթին, յոյն համայնքը այս շրջանին բաւական նախաձեռնող ընթացք մը որդեգրած է՝ մինչեւ տարեվերջ նախատեսուած ընտրութիւններու գործընթացը առողջ հունաւորելու առաջադրութեամբ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F22-07-2022-յամառ-շփումներ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın