İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿԱՆԳԱՌԸ՝ ՄԱԼԱԹԻԱ

Մալաթիոյ պատմական Ս. Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին, որ պետական միջոցներով վերանորոգուելէ վերջ դարձած է Թաշխորան մշակոյթի կեդրոն, ներկայիս կը հիւրընկալէ յատկանշական մշակութային ձեռնարկ մը, որ առիթ դարձած է մեծ խանդավառութեան։ Մալաթիոյ աւանդական ծիրանի փառատօնի շրջանակին մէջ, Թաշխորանի երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի»  յայտնի ցուցահանդէսը, որ կը ցոլացնէ հաւաքական ապրումներ՝ Թուրքիոյ զանազան դաւանանքներէ խմբաւորումներու կեանքէն։ Մինչեւ յուլիսի 31-ը պիտի շարունակուի ցուցահանդէսը։ Այդ թուականին վերանորոգեալ տաճարին մէջ պիտի մատուցուի երկրորդ Ս. Պատարագը։ Այսինքն, ցուցահանդէսը կը նախորդէ երկրորդ Ս. Պատարագին եւ մաս կը կազմէ՝ արդէն 25-րդ անգամ կազմակերպուած վերոյիշեալ փառատօնի ծրագրին։

«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի»ն ցարդ բազմաթիւ միջավայրերու մէջ ներկայացուած է, իսկ այժմ անոր հերթական կանգառը կը դառնայ Մալաթիան։ Այս ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են շարք մը յայտնի լուսանկարիչներու գործերը, որոնցմէ միայն Մկրտիչ Արծիւեանն ու Էմինէ Իւլքերիմը ներկայ գտնուեցան երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան։

Մալաթիոյ քաղաքապետարանի Մշակոյթի եւ գեղարուեստի բաժանմունքի տնօրէն Ֆիքրէթ Վուրուճու, Արաբկիրի քաղաքապետ Հալուք Ճէօմերթօղլու, Մալաթիոյ քաղաքապետութեան ընդհանուր քարտուղար Ճեմալ Նողայ եւ այլ պաշտօնատարներ մասնակցեցան ցուցահանդէսի բացման։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրը եղաւ Մալաթիոյ քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանի կողակիցը՝ Հաֆիզէ Կիւրքան։

Ցուցահանդէսի բացման մասնակցեցան նաեւ Մալաթիոյ եւ շրջակայքի բնակիչ կամ այդ շրջաններէ ընտանիքներու շառաւիղներէ հայեր, որոնց շարքին էր նաեւ «Մալաթիա Հայտէր»ի սիւներէն Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/22-07-2022-հերթական-կանգառը՝-մալաթիա

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın