İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԹՈՌՈՅՍ ԵՐԿՈՒ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 21 Յուլիս 2022, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, ընդունեց Աթոռոյս երկու ժառանգաւոր սաներ՝ Տրց. Արտա Սրկ. Փնարճեանն ու Տրց. Գրիգոր Սրկ. Կարապետեանը։

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 22-23 Յուլիս օրերուն պիտի կատարուի տիրացուներուն կոչման, ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը։

Այս առթիւ, Տրց. Արտա եւ Տրց. Գրիգոր սարկաւագներ ներկայացան մեր Հոգեւոր Պետին, խնդրելու համար Նորին Ամենապատուութեան հայրական խրատներն ու օրհնութիւնը։

Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց երկու երիտասարդներուն համար, որոնք սիրով ընդառաջելով Աստուածային կոչումին՝ գլուխ խոնարհեցուցած են եւ ի մօտոյ մաս պիտի կազմեն հոգեւոր դասուն, որպէս քահանաներ։ Իսկ Տրց. Գրիգոր Սրկ. կուսակրօնութեան ուխտ կատարելով, վեղար պիտի ստանայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը եւ մաղթեց, որ միշտ առաջնորդուին Աստուծոյ Խօսքէն եւ մաղթեց, որ ըլլան մշակ առանց ամօթոյ։

Ապա մեր Հոգեւոր Պետը Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց երկու սարկաւագները եւ բարի երթ մաղթեց իրենց ընտրած այս սրբազան ճամբորդութեան մէջ։

Յայտնենք, որ 22 Յուլիս, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ Պատրիարք Հայրը պիտի կատարէ իրենց կոչման արարողութիւնը, իսկ յաջորդ առաւօտ, Տապանակի տօնին, Նորին Ամենապատուութիւնը Ս, Պատարագ պիտի մատուցանէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի կատարէ Տրց. Արտա եւ Տրց. Գրիգոր սարկաւագներու քահանայական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը, ապա՝ Տրց. Գրիգոր սարկաւագի վեղարի տուուչութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın