Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «ՄենքԵՐԳենք Եւ ՊԱՐենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու երկրորդը տեղի ունեցաւ 20 Յուլիս2022, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Դպրապետ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, երիտասարդներ եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։
Հանդիսութեան սկիզբը եկեղեցւոյ երիտասարդներէն Միրա Եիղիթէր բեմ բարձրացաւ եւ բարիգալստեան խօսք արտասանելով, ներկայացուց երեք երիտասարդները՝ Առէն Գօճապայը, ՆարէԷօզտաղը եւ Քամի Պիւյիւքիշմանը, որոնք կիթառով եւ դաշնակով կատարում պիտի ընէին։Յաջորդիւ երիտասարդներ եւրոպական դասական երաժշտութենէ նմոյշներ ներկայացուցին, որովլսելի դարձան Պէթհովէնի, Շոփէնի նման հանճարներու գործերը։ Բաց աստի երիտասարդներունընկերակցեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան բանաստեղծութիւններուարտասանութեամբ։
Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը կատարեց Յարութիւն Վարդապետ եւ յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երաժշտական հանդիսութիւնները հաւաստիքն էր Սրբազան Պատրիարք Հօր երիտասարդաց հանդէպ տածածանհուն սիրոյն։
Հայր Սուրբը, յայտնեց որ տակաւին շաբաթ մը առաջ սկսած էր երաժշտական շարքը եւ երկրորդյայտագրին արդէն իսկ ներկայ էին թիւով աւելի շատ ունկնդիրներ, որոնց մէջ զգալի էիներիտասարդներու ներկայութիւնը։ Իր խօսքերուն մէջ Հայր Սուրբը ի միջի այլոց ըսաւ. «Ամէն անձկրնայ երգել բան մը, որոշակի իմաստով, սակայն նուագելը Աստուածային շնորհք մըն է, որ տրուածէ որոշակի անձերուն։ Այս առումով երիտասարդները ցոյց տուած են իրենց ձիրքը, բան մը որհամայնքային կեանքէ ներս նման երիտասարդներուն քաջալերական պիտի ըլլայ, քանի որհամայնքէ ներս գոյութիւն ունին նման ձեւով գործող բազմաթիւ երիտասարդներ»։ Այս առթիւ, յանուն Պատրիարք Հօր գնահատեց տղաքը եւ իրենց յանձնեց յուշանուէրներ։
Հուսկ բանքէն յետոյ, Հայր Սուրբը, ներկաները հրաւիրեց «Սարի սիրուն եար» երգը միասնաբարերգելու, երգեհոնահարութեամբ Առէն Գօճապայի։ Հանդիսութիւնը միաբերան երուածերաժշտութեամբ իր աւարտին հասաւ։
Photo: Garod Arzivyan
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun