İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ՊԷԿԻՉԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 20 Յուլիս 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ինընդունեց Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորութեամբ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ ՄայրՏաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամները, Պէզճեան Մայր Վարժարանի հիմնադիրիներկայացուցիչ Նուրհան Ճեմճեմը, տնօրէնուհի Թալին Նայիրը, որոնց կ՚ընկերանար վարժարանիշրջանաւարտներէն Էմմանուէլ Պէկիչը։

Էմմանուէլ Պէկիչ, որ ԼԿՍ քննութեան մէջ Թուրքիոյ առաջիններու կարգին գտնուելու յաջողութիւնձեռք բերած էր, իր ուսումը պիտի շարունակէ Գերմանական Վարժարանի մէջ, արժանացած ըլլալովկրթաթոշակի։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց եւ իր հայրական խրատներով քաջալերեց զինքը եւկատարեալ յաջողութիւն մաղթեց։ Շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի կրթական համակարգիմշակներուն, որոնք մօտիկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էին իրենց աշակերտներուն նկատմամբ, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողքին, որ վստահած էին համայնքային վարժարանին ու իրենցզաւակը յանձնած էին հոն աւանդուած դասերուն։

Մեր Հոգեւոր Պետը Սուրբ Գիրք նուիրեց Էմմանուէլին եւ թելադրեց որ Աստուծոյ Խօսքին զօրութեանապաւինի, ամէն անգամ որ նեղութեան կամ դժուարութեան հանդիպի։ Նախ քանՊատրիարքարանէն բաժանումը աղօթքով իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Էմմանուէլին, որ իրկարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։

Թաղային Խորհուրդը այս այցելութեամբ տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն մասինեւ խնդրեցին մեր Հոգեւոր Պետին օրհնութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած տեղեկութեանց համար եւգնահատեց զիրենք իրենց եկեղեցանուէր ու համայնքանուէր ծառայութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın