İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԻՆԳ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ YKS-Ի ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ 

Արդէն հրապարակուած են այս տարուան համալսարանի մտից քննութեան (YKS) արդիւնքները։ Շուրջ 3 միլիոն 500 հազար աշակերտ մասնակցած է քննութեան, որու արդիւնքներու հրապարակման զուգահեռ վերջին երկու օրերուն արդէն յայտնի են մասնակիցներու ունեցած նիշերը, ինչ որ վճռորոշ պիտի ըլլայ անոնց յաճախելիք համալսարաններու յստակեցման առումով։

Պոլսահայ համայնքային հինգ լիսէներու շրջանաւարտներն ալ այս սպասումին մէջ են ներկայիս։ Տակաւին թէեւ որոշ ժամանակ անց պիտի յստականան այն համալսարանները, ուր պիտի տեղաւորուին տղաքը, սակայն, համայնքային լիսէներու շրջանաւարտները այս մեծ մրցակցութեան մէջ արդէն գտած են իրենց տեղը։

Կեդրոնական վարժարանէն այս տարի համալսարանի մտից քննութեան մէջ ամենայաջող շրջանաւարտը եղած է Վիրանտա Շահինօղլու, որ բովանդակ Թուրքիոյ 3374-րդը եղած է։ Ան ապահոված է 444,22 նիշ (sözel)։

Մխիթարեան վարժարանի շրջանաւարտներու շարքին այս տարի ամենաբարձր յաջողութեան հասած է Աքսել Տինտիսեան, որ եղած է Թուրքիոյ 4391-րդը։ Ան ապահոված է 525,86 նիշ (sayısal)։ 

Էսաեան վարժարանի ընթացաւարտներու շարքին ամենայաջողը եղած է Ալէն Նշան, որ դարձած է Թուրքիոյ 10.396-րդը։ Ան ապահոված է 511,39 նիշ (sayısal)։

Ս. Խաչ դպրեվանքի ընթացաւարտներու շարքին ամենայաջողը եղած է Անտրէա Մենթեշէ, որ եղած է Թուրքիոյ 40.000-րդը։ Ան ապահոված է 469 նիշ (sayısal)։

 Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի շարքին ամենայաջողը եղած է Եոնաթան Ճան Կիւնայ, որ եղած է Թուրքիոյ 12.000-րդը։ Ան ապահոված է 415 նիշ (sözel)։

Յառաջիկայ օրերուն յայտնի պիտի դառնայ, թէ մեր լիսէներու շրջանաւարտները ո՛ր համալսարանները մուտք գործել պիտի յաջողին։ Մինչ այդ, հրապարակուած արդիւնքներու լոյսին տակ պարզ է, որ համայնքային լիսէներու սաները անանտեսելի դիրքերու վրայ են՝ եթէ հաշուի առնուի, որ YKS-ին մասնակցած է շուրջ 3 միլիոն 500 հազար հոգի։

http://www.jamanak.com/content/%D5%A9%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D6%84/20-07-2022-%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%B5%D5%B6%D6%84%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6-%D5%B0%D5%AB%D5%B6%D5%A3-%D5%AC%D5%AB%D5%BD%D5%A7%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82-%D5%B7%D6%80%D5%BB%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D6%82%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%A8-%D5%AF%D5%A8-%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%BD%D5%A5%D5%B6-yks-%D5%AB-%D5%BE%D5%A5%D6%80%D5%BB%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın