İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒԻ ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ

Ազգային երախտաշատ բարերար հոգելոյս Գալուստ Կիւլպէնկեան վաղը պիտի ոգեկոչուի Լիզպոնի մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան, որ կեանքի վերջը անցուցած է Փորթուգալի մէջ, վառ հետքեր թողած է նաեւ այդ երկրի հասարակութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Այս առումով մեծ խորհրդանշան մըն է Լիզպոնի համանուն հիմնարկը, որ թէեւ ունի Հայկական համայնքներու բաժանմունք մը, սակայն, ըստ էութեան, Փորթուգալի հաստատութիւն մըն է իր ամբողջութեան մէջ։ Այս բոլորի հիման վրայ լուսահոգի Գալուստ Կիւլպէնկեան ամէն տարի մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով կ՚ոգեկոչուի Փորթուգալի մէջ։ Սա ձեւաւորուած ամուր նախընթաց մըն է եւ հերթական անգամ շարունակութիւն պիտի գտնէ վաղը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Լիզպոնի կաթողիկէից մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ոգեկոչումը, որուն պիտի հանդիսապետէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեղւոյն վիճակաւորը, որ կը կրէ պատրիարքի տիտղոս։

Ողբացեալ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ի յիշատակ վաղը նախատեսուած հոգեհանգստեան պաշտօնին պիտի մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Լիզպոնի հոգեհանգստեան պաշտօնին մասնակցելէ վերջ, նորին սրբազնութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Մալակա, ուր հաստատուած հայութիւնը կազմաւորման շրջանէ մը կ՚անցնի։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F19-07-2022-գալուստ-կիւլպէնկեան-վաղը-պիտի-ոգեկոչուի-լիզպոնի-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın