İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈԻ ՀԱՄՇէՆԻ ԲԱՐԲԱՌԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿԸ ՀՆՉԵՆ «ԼՈՒՍԻ ՀԱՏԻԿ» ԵՐԳԻ ՄԷՋ

Ստանպուլահայ երգչուհի Սիպիլ, որ երաժշտասէրներուն ծանօթ է արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն երգերու իր գեղեցիկ կատարումներով, եւ Այշէնուր Քոլիվար, որ երկար տարիներէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ Սեւ ծովու արեւելեան շրջաններու երաժշտութիւնը, միասնաբար կատարեցին «Լուսի հատիկ» երգը, որ արդէն իսկ հրապարակուած է թուային հարթակներու վրայ։

«Լուսի հատիկ» երգի յօրինումը կը պատկանի Արի Հերկելի, որ կատարած է նաեւ գործիքաւորումը։ Երգի արեւմտահայերէն խօսքերու հեղինակն է լիբանանահայ բանաստեղծ Աշոտ Բագրատունի, իսկ համշէնի բարբառով խօսքերը գրառած է համշենցի գրագէտ Մահիր Էօզքան։

Երգի տեսահոլովակը պատրաստուած է Էօզքան Աքսուլարի ղեկավարութեամբ։ «Լուսի հատիկ» երգը, որ արեւմտահայերէնով ու համշէներէնով մարդկութիւնը բարութեան կը հրաւիրէ, երաժշտասէրներու ներկայացուած է ստեղծագործութեան արտադրութիւնը ստանձնած «Քալան» երաժշտական ընկերութեան YouTube-ի ալիքին վրայ։ Երգը ունի անգլերէն , արեւելահայերէն եւ թրքերէն ենթագիր թարգմանութիւններ, ինչպէս նաեւ ձայնային նկարագրութիւն ու ժեսթերու լեզուով թարգմանութիւն։

Միաւորելով նոյն լեզուի երկու տարբեր արտայայտութիւնները, որոնք նոյն տարածքին ապրելով հանդերձ հեռու մնացած են իրարմէ, երգը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ արեւմտահայերէնի ու համշէներէնի հարազատութեան վրայ, նաեւ կը յիշեցնէ որ այս երկուքն ալ կը գնահատուին որպէս անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներ։

Սիպիլ միջազգային ճանաչում կը վայելէ հայ ժողովրդական երաժշտութեան մարզէն ներս կատարած իր գործերով, իսկ Այշէնուր Քոլիվար իւրօրինակ կատարումներով կը մշակէ Սեւ ծովու արեւելեան շրջաններու բազմամշակոյթ արուեստը։ Անոնք միասնաբար յոյսի ձայնը կը փոխանցեն «Լուսի հատիկ» երգին հետ, որ միաժամանակ գարնան զարթօնքը կը խառնէ Վարդավառի խանդավառութեան։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın