İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՂԱՆԻ ՏՂԱՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԷՅՊԷԼԻ ԿՂԶԻԻ ԱՔՈՒԱՓԱՐՔԸ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տղաքը այս շաբաթավերջին բացառիկ խանդավառ պահեր ապրեցան Հէյպէլի կղզիի մէջ։ Այսպէս, «Մեր հայեր» խումբի նախաձեռնութեամբ տղաքը այցելեցին «Ճեւահիր-Աքուափարք», ուր կազմակերպուած զբօսանքը անմոռանալի դարձաւ անոնց յիշողութեան մէջ։ Անոնք ճամբորդեցին իրենց համար ապահովուած յատուկ մակոյկով։ Գնալը կղզի վերադարձին ալ երեկոյեան շարունակուեցաւ իրենց խրախճանքը՝ «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կրակարանի վրայ պատրաստուած խորովածներու ընթրիքով։

Օրուան տեւողութեան տղաքը Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուի եւ հսկիչներու վերահսկողութեան տակ էին։ Ներկայ էին նաեւ «Մեր հայեր»ի ներկայացուցիչները։ Զանազան փուլերու մէջ ծրագրին միացան նաեւ կղզեաց քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլ, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները եւ այլ հիւրեր։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/18-07-2022-կազդուրման-կաղանի-տղաքը-այցելեցին-հէյպէլի-կղզիի-աքուափարքը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın