Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 15 Յուլիս Ժողովրդավարութեան եւ Ազգային Միութեան Օրուան առթիւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րեճեփ Թայյիպ Էրտողանի շնորհաւորական պատգամ ուղարկեց։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամին մէջ նշեց, որ գիտակից կեցուածք որդեգրած հայրենակիցներ այդ օրը պաշտպանած են Պետութեան գոյատեւումը եւ ժողովրդավարութեան առհաւատչեան՝ Ազգային Մեծ Ժողովի գերիշխանութիւնը։
Մեր Հոգեւոր Պետը, անձնապէս եւ յանուն Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամներուն, Հոգեւոր Դասուն, համայնքային հաստատութեանց վարիչներուն եւ Թուրքիոյ Հայ Համայնքին շնորհաւորեց Վսեմաշուք Նախագահը, նաեւ յանձինս Նորին Վսեմութեան՝ պետական աւագանին, յայտնելով որ կը մնայ աղօթող վասն յաջողութեան այն գերբնական ճիգերուն, որոնք կը ձգտին Պետութեան գոյատեւումը ապահովելու։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun