İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին շնորհաւորական մը ուղղարկեց՝ 15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրուան առթիւ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ նշած է, որ գիտակից կեցուածք որդեգրած հայրենակիցներ վեց տարի առաջ այսօր պաշտպանած են պետութեան գոյատեւումը եւ Ազգային մեծ ժողովի գերիշխանութիւնը, ինչ որ ժողովրդավարութեան առհաւատչեան է։

Յանուն Կրօնական ժողովին, թրքահայ հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային հաստատութեանց, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորութիւններ յղած է Հանրապետութեան նախագահին, նաեւ այս վերջնոյն անձին մէջ ամբողջ պետական աւագանիին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտած է, որ աղօթող կը մնայ, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուին այն գերբնական ճիգերը, որոնք կը գործադրուին պետութեան գոյատեւումը ապահովելու նպատակով։

Պատրիարքարանի աղբիւրները հրապարակած են Նորին Ամենապատուութեան պատգամի թէ՛ թրքերէն բնագիրը եւ թէ հայերէն թարգմանութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/15-07-2022-ամեն-սրբազան-պատրիարք-հայրը-շնորհաւորական-մը-ուղարկեց

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın