İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՄԵՆՔ ԵՐԳԵՆՔ ԵՒ ՊԱՐԵՆՔ»Ը ՍԿՍԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք Եւ ՊԱՐենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու առաջինը տեղի ունեցաւ 13 Յուլիս 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Դպրապետ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Յարութիւն Վարդապետի եւ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ, իսկ երաժշտական պատասխանատուն էր Արի Հերկել:

Հանդիսութեան սկիզբը Ալիք Աթաօղլու բեմ բարձրացաւ եւ բարի գալստեան խօսք արտասանելով, ներկայացուց երկու երիտասարդներ՝ Պարետ Չաղլըչուպուքճուն եւ Արթուն Արծիւեանը, որոնք դաշնակով կատարում պիտի ընէին։ Յաջորդիւ երկու երիտասարդներ դասական երաժշտութեամբ հանդէս եկան ու նուագեցին Պախէն, Պէթհովէնէն, Շոփէնէն, Արամ Խաչատուրեանէն, Ֆլօրիան Քրիսթըլէն, Առնօ Պապաճանեանէն, Արթօ Թունչպօյաճըէն, Էրիկ Սաթիէն, Արապօ Իսփիրեանէն նմոյշներով։ Բաց աստի երիտասարդներուն ընկերակցեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան բանաստեղծութիւններու արտասանութեամբ։

Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը կատարեց Յարութիւն Վարդապետ եւ ծրագրի նպատակին մասին արտայայտուեցաւ։ Այս առթիւ, յայտնեց թէ՝ սոյն ծրագրին կազմակերպման գործընթացքին մէջ իր օրհնութիւնը տուած է Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, բան մը որ երիտասարդ նուագողներու տրուած գնահատանքին մակարդակը թաղական մակարդակէ դուրս հանելով համայնքային չափանիշին կը բարձրացնէր։ Այս առթիւ, յանուն Պատրիարք Հօր գնահատեց տղաքը, ինչպէս նաեւ Արամ Կոստանեանը եւ իրենց յանձնեց յուշանուէրներ։ Հայր Սուրբը նաեւ յայտնեց որ երկու երիտասարդներ ալ, շրջանաւարտներն էին Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան Վարժարանին եւ իրենց երաժշտական առաջին քայլերուն մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած էր, իրենց երաժշտութեան ուսուցիչը՝ Յակոբ Մամիկոնեան։ Այս առթիւ, գնահատեց նաեւ տղոց ընտանիքները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնք։

Հուսկ բանքէն յետոյ, Հայր Սուրբը, ներկաները հրաւիրեց «Ամպից Կորաւ» երգը միասնաբար երգելու, երգեհոնահարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Հանդիսութիւնը միաբերան երուած երաժշտութեամբ իր աւարտին հասաւ։ 

Photo: Bolis Photo

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın