Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ)ի համահայկականուխտագնացութիւնը, որ տեղի ունեցաւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն ՀայոցԿաթողիկոսին, իր աւարտին հասաւ 10 Յուլիս 2022, Կիրակի օր, ուխտաւորաց Ս. Պատարագով եւխրախճանքով։
Առաւօտուն երիտարասարդներ հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ Աղվերանէն ուղղուեցանդէպի Բջնիի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։ Յընթացս ուղեւորութեան կառքերու մէջ արդէն իսկուխտաւոր երիտասարդներ սկսան ոգեւորուիլ շարականներու երգեցողութեամբ։
ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան, ժամը 11.00-ին մատուցանեց Ս. Պատարագ, առընթերակայութեամբ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ եւԿեդրոնական Գրասենեակի Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի։ Ս. Սեղանինսպասարկեցին ՀԵՀԵՄ-ի ուխտագնացութեան մասնակից երիտասարդ սարկաւագներ ու դպիրներ։Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները եւս կատարուեցան ուխտաւոր երիտասարդներումասնակցութեամբ, նոյն երիտասարդներէն Մարիամ Հազարեանի առաջնորդութեամբ եւ ՊօղոսՔէլէշեանի երգեհոնահարութեամբ։
Ս. Պատարագին մասնակցեցան Արթիկի Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Նարեկ Վրդ. Աւագեան, Պատրիարքական Աթոռոյս ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմէն Տ. Պետրոս Աւ. Քհնյ. Մալեան, ԱՄՆի Արեւելեան Թեմէն Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Պօյաճեան, Գերմանիոյ Թեմէն Տ. Գնէլ Քհնյ. Գաբրիէլեան, Շուէտէն Տ. Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսասատանի Թեմէն Տ. Երուանդ Քհնյ. Երէնեան եւ եկեղեցւոյերէց Տ. Արիստակէս Քահանան։
Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, նախփառք տալով Աստուծոյ, որ երկու տարիներ յետոյ աւանդականի վերածուած ուխտագնացութիւնըմեծ արդիւնաւրոութեամբ եւ կատարեալ կազմակերպութեամբ Հայաստանի եւ արտաշխարհիերիտասարդները ի մի համախմբած էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հովանիին ներքեւ։ Այս առթիւներկայացուց հոգեւորականները եւ գոհունակութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեանց համար։Յայտնեց նաեւ թէ Բջնիի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ պատմական եւ նուիրականարարողութիւն մը կը կատարուէր, օգնականութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. ԱռաքելԱրքեպիսկոպոսին։
«Դուք էք աշխարհի լոյսը» Աւետարանական խօսքը յիշեցնելով, երիտասարդները ներկայացուց, որպէս ազգային եկեղեցական կեանքի լոյսերը եւ յայտնեց, թէ՝ իրենց գործօն մասնակցութեամբ ՀայԵկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ պիտի ծագի լոյսը։ Այս առթիւ երիտասարդներուն յիշեցուց, որապագան ամուր պիտի դառնայ երիտասարդներու գործակցութեամբ եւպատասխանատուութեամբ։ Այս առթիւ օրհնեց ներկաները եւ յայտնեց, որ շուրջ երկուհարիւրնուիրեալ երիտասարդներ ի մի համախմբուած էին։ Մաղթեց որ անոնք իրենց Քրիստոնէականնկարագրին մէջ մնան հաստատուն։
Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգսեան աղօթքով յիշատակուեցան նաեւ Երջանկայիշատակ Տ. Տիրան Արքեպս. Ներսոյեանը, որ եղած է Եկեղեցասէր Երիտասարդացի հիմնադիրը, ինչպէս նաեւՄայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի երիտասարդ միաբաններէն Հոգելոյս Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեանը, որեղած էր ՀԵՀԵՄ-ի աշխոյժ անդամներէն մին։
Ս. Պատարագէ յետոյ երիտասարդներ վերադարձան Աղվերան, ուր Յովնան Արքեպիսկոպոս, միառ մի ընդունեց ուխտագնացութեան մասնակից խումբերը եւ իրենց յանձնեց վկայականներ։ Այսառթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս երիտասարդները եւս Յարութիւն Վարդապետիառաջնորդութեամբ ստացան Սրբազան Հօր օրհնութիւնները եւ իրենց երախտիքը յայտնեցինհանդէպ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին, Սրբազան Հօր, Թովմա Վարդապետին եւ ՀԵՀԵՄ-ի բոլորսպասաւորներուն։ Սրբազան Հայրը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ ՍրբազանՊատրիարք Հօր, որուն տնօրինութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքութենէն եւս մասնակցութիւն եղած էրսոյն ուխտագնացութեան։ Սրբազան Հայրը մաղթեց որ ուխտաւորներ երբ Աղվերանէն բաժնուիններշնչուած եւ ծառայութեան պատրաստակամութեամբ վերադառնան իրենց տուները։
Իսկ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ հրաժեշտի խնճոյք և համերգ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանիյայտնի երգիչներու և պարային խումբերու։ Սոյն հանգրուանին միացան նաեւ Գուգարաց ԹեմիԱռաջնորդ Գերշ. Տ․ Յովնան Եպս. Յակոբեան եւ Սիւնեաց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մակար Վրդ. Յակոբեան։ Յովնան Արքեպիսկոպոս, այս առթիւ իր վերջին պատգամը փոխանցեցբոլոր երիտասարդներուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ ՀԵՀԵՄ-ի ուխտագնացութիւնըկատարեալ արդիւնաւորութեամբ կը հասնէր իր աւարտին։ Այս առթիւ Սրբազան Հօր ձեռամբ շնորհակալագրեր տրուեցան ՀԵՀԵՄի հոգևոր առաջնորդին, ուխտագնացութեան իրենցմասնակցութիւնը բերած հոգեւորականներուն, ինչպես նաև երիտասարդական աշխատանքիերկօրեայ դասընթացքի բոլոր վարիչներուն։
Երեկոյեան մինչեւ ուշ ժամերը, երիտասարդներ զուարճացան բարձր տրամադրութեամբ եւ այսպէսիր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը։
Պոլսոյ Խումբը, 12 Յուլիս, Երեքշաբթի, առաւօտուն հասաւ Ստանպուլ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun