Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) համահայկականուխտագնացութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն ՀայոցԿաթողիկոսին, սկիզբ առաւ 6 Յուլիս 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, Աղվերանի մէջ, գլխաւորութեամբ՝ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ եւ Կեդրոնական Գրասենեակի Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի։Արդէն իսկ աւանդական դարձած ուխտագնացութեան կը մասնակցին մօտ երկուհարիւրերիտասարդներ՝ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն։
Սոյն հաւաքին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ կըմասնակցին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ, Բրկ. Շահին Ժան Ուր. Դպ. Քալտըրրմ, Տայք Միսիսօղլու եւ Երազ Չաղլաեան։
Ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ առաւօտեան աղօթքով, որմէ յետոյ երիտասարդներ ՀԵՀԵՄԿեդրոնական Գրասենեակի կողմէ մշակուած երիտասարդական երկօրեայ աշխատանքինմասնակցեցան։ Աշխատութիւնները վարելու համար հրաւիրուած էին մասնագէտ մարզիչներ։Աշխատութիւնները ընթացան հինգ խումբերով, որոնց իւրաքանչիւրին կը գլխաւորէր հոգեւորականմը։ Աշխատութիւնը կը ներառէր խաղեր եւ վարժութիւններ։ Այս առթիւ երիտասարդներըկառուցանեցին ակնկալիքներու ծառեր։
Դասընթացքը երիտասարդական աշխատանքի մասնագէտներու եւ հոգեւորականներուարդիւնաւետ եւ գործնական համագործակցութեան օրինակն էր։ Երիտասարդական աշխատանքիմարզիչներու հետ նախապէս համաձայնուած օրակարգին համաձայն, իւրաքանչիւր խումբինբանախօսեցին հոգեւորականներ՝ «Քրիստոնէական երիտասարդական աշխատանք», «Միասնականութիւն», «Ամենայն ձայն թող լսելի ըլլայ» թեմաներով։ Երիտասարդներուն խմբայինառաջադրանքներ տրուեցան, որոնց միջոցաւ անոնցք վերհանեցին թեմերուն եւ երիտասարդականմիութիւննարուն մէջ առկայ խնդիրներն եւ լուծումներ առաջարկեցին։ Այսպիսով իր աւարտինհասաւ, ուխտագնացութեան առաջին բաժինը՝ երկօրեայ դասընթացքը։
Աշխատութեանց ընթացքին, ամէն երեկոյեան ունեցաւ նաեւ երեկոյեան աղօթք, որմէ յետոյմասնակիցներ համախմբուեցան սիրոյ սեղաններու շունջ։ Յետ ընթրիքի երիտասարդներհիւրանոցի համալիրին մէջ երգերով, պարերով, խաղերով եւ զրոյցներով առաւել եւս մտերմանալուառիթները գտան։
Բաց աստի, 7 Յուլիս 2022, Հինգշաբթի, իրենց մասնակցութեամբ պատուեցին ԱՄՆի ԱրեւմտեանԹեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան, Պուլկարիոյ եւՌումինիայի Հայոց Թեմերու Առաջնորդ, Արեւելեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեանեւ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան։ Սրբազան Հայրերը, երիտասարդներու հետ միատեղ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ աղօթեցին, զրուցեցին եւ իրենցօրհնութիւնները փոխանցեցին։ Սրբազան Հայրերը այս առթիւ, անձամբ այցելեցին իւրաքանչիւրխումբը եւ իրենց անձնական փորձառութիւնները բաժնեցին երիտասարդներու հետ, բան մը որմեծապէս ոգեւորեց ներկայ երիտասարդները։
Երկու օրերու ընթացքին նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի Կեդրոնական Գրասենեակի կազմակերպութեամբ, հաճելիերկու անակնկալներ տեղի ունեցան։ Չորեքշաբթի երեկոյեան՝ Պոլսոյ խումբէն Երազ Չաղլաեանիիսկ Հինգշաբթի երեկոյեան՝ Տաթեւ Եպիսկոպոսի ծննդեան տարեդարձները տօնուեցանմիասնաբար երգուած տարեդարձի երգով, ծափերով ու կարկանդակով։
Ուխտագնացութիւնը պիտի շարունակէ նաեւ շաբաթավերջին նախատեսուած ծրագիրներով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին/ Mother See of Holy Etchmiadzin
Հայ Եկեղեցու Համաշխարհային Երիտասարդական Միավորում/ՀԵՀԵՄ/ – ACYOWorld
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun