Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, 8 Յուլիս 2022, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին, Վեհարանի մէջ ընդունեց, Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ)իհամահայկական ուխտագնացութեան մասնակից երիտասարդները։ Ուխտագնացութիւնըկազմակերպուած է ՀԵՀԵՄի Կեդրոնական Գրասենեակի կողմէ, որուն կը մասնակցին ՊոլսոյՊատրիարքական Աթոռոյս ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայաստանէ եւ Սփիւռքի տարբերթեմերէ շուրջ 200 երիտասարդներ։
Ընդունելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի եւՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան, Պուլկարիոյ եւ ՌումինիայիՀայոց Թեմերու Առաջնորդ, Արեւելեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. ՏաթեւԵպս. Յակոբեան եւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան։
Հանդիպումը սկսաւ հոգեւորականներու եւ երիտասարդներու կողմէ միաբերան երգուած«Հայրապետական Մաղթերգ»ով, որմէ յետոյ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ եւ ԿեդրոնականԳրասենեակի Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնելովուխտագնացութեան ծրագիրը, հայցեց Հայոց Հովուապետին օրհնութիւնը։ Հայր Սուրբը յայտնեց որաշխատութիւնը կատարուած էր Վեհափառ Հայրապետի հրամանաւ ու օրհնութեամբ եւ արդէն իսկբազմաշատ երիտասարդներ այս գծով փութացած էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։
Յաջորդիւ յանուն երիտասարդներու իր սրտի խօսքերով հանդէս եկաւ նախ ՊոլսոյՊատրիարքական Աթոռոյս երիտասարդներէն Երազ Չաղլաեան, ըսելով. «Ազգիս ՎեհափառՀայրապետին ընդունելութիւնը կը շրջանցէ հոգեւոր առաջնորդի մը հետ միաւորուելու սահմանները, այլ՝ կը վերածուի Մայր Աթոռի հովանիին ներքեւ Վեհափառ Հայրապետի եւ իր հոգեւորզաւակներուն միաւորման պատկերին։ Այս մէկը իսկ առիթ է որ, շնորհակալութիւն յայտնենք«ՀԵՀԵՄ»ին, որով մենք երկու օրեր շարունակ Հայ Եկեղեցւոյ Հովանիին ներքեւ միասնականութեանմասին աշխատակցեցանք եւ ահա այս պահուն արդէն իսկ աշխատութեան նպատակըկ՚իմաստաւորուի առաւել եւս»։
Յաջորդիւ Գերմանոյ Հայոց Թեմի երիտասարդներէն Արշամ Արզուման եւս յանուներիտասարդներուն իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ երիտասարդներուն հանդէպ ԱզգիսՎեհափառ Հայրապետին ցուցաբերած հայրապետական հոգածութեան համար յատուկշնորհակալութիւն յայտնեց, հաւաստիացնելով որ երիտասարդներ միշտ հաւատաւոր զաւակներըպիտի մնան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին։
Այնուհետեւ, ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան ուրախութեամբ ընդգծեց, որ աշխարհասփիւռ հայորդիներ համախմբուած են ՄայրԱթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ՝ Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ գոտեպնդուելու եւ շարունակելուեկեղեցանուէր ու ազգանուէր իրենց առաքելութիւնը։ Սրբազան Հայրը, յայտնեց որ երկարընդհատումէ յետոյ կատարուած ուխտագնացութեամբ երիտասարդներ առիթը ունեցած էինիրարու հետ շփուելու եւ յանուն եկեղեցասիրութեան ու ազգասիրութեան իրենց ծառայութեանուղիին մէջ ամրանալու։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց երիտասարդներուն, ուրախութիւնյայտնելով Հայաստանէ եւ աշխարհասփիւռ տարբեր համայնքներէ երիտասարդները Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ համախմբուած տեսնելու առիթով։ Հայոց Հայրապետը իր գնահատանքը բերաւՅովնան Սրբազանին եւ Հայր Թովմային, եկեղեցասէր երիտասարդութեան հետ տարուածնախանձախնդիր աշխատանքներու համար։
Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւը յայտնեց նաեւ, համավարակի ընդհատումէն յետոյաւանդութեան վերահաստատման կապակցութեամբ, վստահութիւն յայտնելով, որ երիտասարդներյաջորդիւ կրկին պիտի համախմբուին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետըգոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ երիտասարդներուն հանդէպ իրենց եկեղեցիին եւժողովուրդին ունեցած սիրոյն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հայրաբար թելադրեց, որհետաքրքրուին իրենց եկեղեցիին եւ ժողովուրդին հետ եւ անմասն չմնան ազգային եկեղեցականկեանքէն իրենց համայնքներուն մէջ։ Այս առթիւ յայտնեց, որ երիտասարդներու ներկայութիւնն ուաղօթքը, գոտեպնդիչ զօրութիւն ունի։ Իր խօսքերու աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորերիտասարդներուն մաղթեց Աստուծոյ զօրակցութիւնը, անձնական եւ համայնքային կեանքէն ներսձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու հասնելու համար։
Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ պատասխանեց երիտասարդներըյուզող հարցերուն եւ հայրաբար խրատներ տուաւ իրենց։ Իսկ հանդիպման աւարտին «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց երիտասարդները եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին/ Mother See of Holy Etchmiadzin
Հայ Եկեղեցու Համաշխարհային Երիտասարդական Միավորում/ՀԵՀԵՄ/ – ACYOWorld
http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun