İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅԳՈՒՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 7 Յուլիս 2022, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին ընդունեց Եշիլգիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրուճուն եւ վարժարանի հիմնադիր Էրօլ Արա Չնարը, որոնց կ՚ընկերանային վարժարանի Փոխ Տնօրէն Էմէլ Հէքիմօղլու, շրջանաւարտներէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեանն ու ծնողքը։ 

Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան, որ ԼԿՍ քննութեան մէջ Թուրքիոյ առաջիններու կարգին գտնուելու յաջողութիւն ձեռք բերած էր, իր ուսումը պիտի շարունակէ Ռոպէրթ Քոլէճի մէջ, արժանացած ըլլալով կրթաթոշակի։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց եւ իր հայրական խրատներով քաջալերեց զինքը եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց։ Շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի կրթական համակարգի մշակներուն, որոնք մօտիկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էին իրենց աշակերտներուն նկատմամբ, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողքին, որ վստահած էին համայնքային վարժարանին ու իրենց զաւակը յանձնած էին հոն աւանդուած դասերուն։

Մեր Հոգեւոր Պետը Սուրբ Գիրք եւ Խաչ նուիրեց Այգունին եւ թելադրեց որ Աստուծոյ Խօսքին եւ Սուրբ Խաչին զօրութեան ապաւինի, ամէն անգամ որ նեղութեան կամ դժուարութեան հանդիպի։ Նախ քան Պատրիարքարանէն բաժանումը «Պահպանիչ» աղօթքով իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Այգունին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın