İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակին առթիւ, 3 Յուլիս 2022, Կիրակի առաւօտ, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ, նախագահութեամբ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր։

Մեր Հոգեւոր Պետը, առընթերակայութեամբ՝ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ ԱՄՆ-է հիւրաբար ժամանած Արժ. Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանի, ժամը 10.30-ին դուրս եկաւ Պատրիարքարանի ամարնային շէնքէն։ Առ այդ, Պատրիարք Հայրը, սարկաւագաց ու դպրաց կողմէ կազմուած մեծաշուք թափորով ու զանգակներու ղողանջներով ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ մուտքին, Կազդուրման Կայանէ սաներ, Պատրիարք Հայրը դիմաւորեցին ըսելով. «Աստուած Օգնական Պատրիարք Հայր»։

Արարողութեան ներկայ էին հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեան, Սէնթ Անթուան Եկեղեցւոյ վարդապետներէն Հայր Անտրէն եւ Բրշ. Եղիա Սրկ. Չալըշըր։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան, Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Բրշ. Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Բրշ. Կարպիս Սրկ. Չիչէք, Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, Բրշ. Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Բրկ. Կարօ Կ.Սրկ. Եօնթան եւ դպիրներ։ Արարողութեան կը մասնակցէին նաեւ բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ կը հետեւէին փառաշուք արարողութեան։

Նախ քան Տէրունական աղօթքը, Տ. Յարութիւն Վարդապետը, յայտնեց, թէ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէ ուղարկած էր Հայրապետական շնորհաւորագիր մը։ Հայր Սուրբը, յաջորդիւ ընթերցեց Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորագիրը։ Ապա, քարոզեց Սրբազան Պատրիարք Հայրը, անդրադառնալով ընտանիք ըլլալու գաղափարին ու յայտնեց, թէ՝ իւրաքանչիւրս մասնիկներն ենք մեծ ընտանիքի մը։ Այս շրջագիծով անդրադարձաւ իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակին ու երախտագիտութեամբ յիշատակեց Հոգելոյս Շնորհք Ծ. Վրդ. Գասպարեանը, որուն թելադրանքներով որոշած էր դառնալ եկեղեցական։ Այս առիթով յիշատակեց նաեւ Երանաշնորհ Շնորհք եւ Մեսրոպ Պատրիարքները, որոնք աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ դարձած էին հոգեւոր հայրեր, ցոյց տալով եկեղեցւոյ մէջ ծառայութեան ուղին։ Բայց այս բոլորին մէջ անուրանալի էր Պատրիարք Հօր ընտանիքին դերը, որով տան մէջ «հաւատք» բառը իր նշանակութիւնը ունեցած էր։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջորդիւ ուրախութիւն յայտնեց որ 30-ամեայ ծառայութեան շրջանին փորձած էր իր ներդրումը բերել Հայ Եկեղեցիին, որպէս քարոզիչ եւ այս առումով ուրախ էր իր առաքելութեամբ։ Այս բոլորին մէջ անշուշտ յատուկ յիշատակութեան արժանի էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ունեցած ծառայութիւնը եւ այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին իր ուղարկած շնորհաւորագրին համար։

Պատրիարք Հայրը նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցական դառնալու կոչումին մասին եւ յայտնեց, թէ՝ ներկայիս եկեղեցական դառնալու կոչումները կը նուազին բաղդատմամբ անցեալին։ Օրինակներ տուաւ իր իսկ հոգեւորական դառնալու որոշումէն յետոյ, նոյնիսկ հաւատացեալներէ եկած ակնարկութեանց։ Այս առումով յայտնեց, որ այս պատկերը նաեւ շատ բան կը խօսի մեր համայնքի հաւատքի որակին մասին։ Հին ժամանակներուն ընտանիքներու մէջ աւելի ընդհանրացած էր իրենց զաւակները եկեղեցւոյ ընծայելու սովորութիւնը, բայց այս մէկը ներկայիս նուազած է։ Այս շրջագիծով, յայտնեց, որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը պէտք է շարունակուի եւ այս առումով նոր սպասաւորներ եւս պէտք է յայտնուին եկեղեցական դաշտէն ներս, եւ յայտնեց, որ աղօթող է  այս ուղութեամբ։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հիննադիրները, հոգեւոր սպասաւորները եւ հաւատացեալ ժողովուրդի անդամները։ Ապա, կազմուած հանդիսաւոր թափորը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ պարտէսզի ամֆիթատրոնը, ուր արտասանուած «Պահպանիչ» աղօթքով, այս փառաշուք արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Եկեղեցական արարողութենէ յետոյ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, հոգեւոր հայրերու, վարչայիններու, Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան միացաւ նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցան սրտի խօսքեր եւ յուշանուէրներու բաշխում։ 

Այս առումով Հռիփսիմէ Մէյտանը, յանուն դպրաց դասուն արտայայտուեցաւ եւ ուրախութիւն յայտնեց որ պատմական առիթով մը կը գտնուին Գնալը Կղզի։ Այս առթիւ Պատրիարք Հօր յանձնեցին յուշանուէր մը։ Բաց աստի յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ նորապսակ վարդապետին։ Նոյն ձեւով Հայր Անդրէն եւս յուշանուէր մը յանձնեց եւ յայտնեց որ Պատրիարք Հօր քարոզները իրենց զօրութիւնը ունեցած էին իր եւ քրոջը հոգեւոր կեանքի զարգացման մէջ։ Բաց աստի ներկաներ խմբերգներով ու մեներգներով գործադրեցին երաժշտական յայտագիր մը։ Այս առթիւ արտայայտուեցան նաեւ Լեւոն Շատեան, Բրշ. Ռոպէր Սարկաւագ եւ Բրշ. Արթուն Սարկաւագ։

Ապա, կատարուեցաւ կարկանդակի բեկանում, որմէ յետոյ Յարութիւն Վարդապետ դրուատելով Սահակեան Դպրաց Դասու գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը, շնորհակալութեան արտայայտութիւններով յանձնեց յուշանուէր մը։ Նոյն ձեւով յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Տ. Արմաշ Քահանային, նկատի ունենալով որ Տէր Հայրը եղած է Ներսէսեանի երբեմնի անդամներէն եւ Պոլսոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցած՝ Գնալը Կղզիին մէջ։ 

Ապա, սրտի խօսք արտասանեց Յարութիւն Վարդապետը, որ 30-ամեայ հանգրուանին եւ տօնակատարութեան համար շնորհակալոկթիւն յայտնեց։ Սոյն հանդիսութիւնը նախախնամութիւն որակելէ յետոյ, յիշեցուց որ Մայր Աթոռոյ իր կեցութեան օրերուն. անձամբ տեսնելու առիթը ունեցած էր Պատրիարք  Հօր անձին նկատմամբ առկայ սէրն ու համակրանքը։ Այս առումով, Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց յուշատախտակ մը, որուն վրայ քանդակուած էին նշանաւոր վանքեր, մաղթելով Մայր Աթոռոյ եւ շրջակայի վանքերու օրհութիւնը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ օրուան բոլոր մասնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց։ Այս առումով շեշտեց, որ բոլոր ներկաները երջանիկ էին եւ Գնալը Կղզիի մէջ երջանկութիւնը աւանդութեան վերածուած էր։ Հետեւաբար ինք կը գտնուէր այնպիսի աւանդութեան մը մէջ, որուն հիմնական տարրն էր երջանկութիւնը։ Այս առումով մաղթեց որ այս օրուան ոգեւորութիւնը շարունակական դառնայ շատերու կեանքերէն ներս։ Այս առթիւ յիշեց Մեսրոպ Պատրիարքի աբեղայութեան շրջանէն սկսած հաւաքոյթները ու փառք տուաւ որ այդ աշխատութեանց արդիւնքները որպէս հոգեւորական եւ կամ աշխարհական կը շարունակէին իրենց համայնքային ծառայութեան։ Այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպչական աշխատութիւնը տարած Յարութիւն Վարդապետին եւ այս օրը պատմական յիշատակութեան վերածած բոլոր հարազատներն ու անձերը։ Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներուն, որոնք օրուան երգեցողութիւնները կատարելու համար փութացած էին մինչեւ Գնալը Կղզի եւ սիրոյ սեղանի մթնոլորտը ոգեւորած էին երգերով։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Հայր Մեր»ով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın