Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ Ֆանարիոնի Սուրբ Գէորգ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ 3 Յուլիս 2022, Կիրակի օր կատարուած արարողութեամբ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։
Տ. Բաիսիոս որ ցարդ Տիեզերական Պ ատրիարքութեան Աւագ Սարկաւագն էր, երկու շաբաթ առաջ ձեռնադրուած էր քահանայ։ Իսկ 1 Յուլիսին ալ նշանակուած էր եպիսկոպոս Քսանթօբոլիսի։
Կիրակնօրեայ արարողութեան ընթացքին Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա Ծայրագոյն Պատրիարքը համապատարագեց իր կողքին ունենալով վեց մետրոպոլիտներ։ Ի ժամ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ձեռնադրութիւնը եւ յաւարտ ձեռնադրութեան ժողովուրդի «աքսիոս» (Արժանի է) բացագանչութիւններով զգեստաւորուեցաւ։ Սուրբ Հաղորդութիւնը մատակարարեց նորոգ ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը։
Արարողութեանց մասնակցեցան Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր՝ Արհ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Պոլսոյ Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ, Քաղդէացւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան, Յունաստանի Աւագ Հիւպատոսուհի՝
Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ արաողութեան ներկայ գտնուեցան Միջեկեղեցական Բաժնի Վարիչ ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Երէցկինը՝ Թանիա։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի Տէր Հայրը յանուն Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալ Բաիսիոս Եպիսկոպոսը եւ յայտնեց, թէ Նորին Ամենապատուութիւնը կը փափաքէր զինքը յարմար առիթով հրաւիրել պատրիարքարան։ Բաիսիոս Եպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցրաբերուած հետաքրքրութեան համար եւ խոստացաւ առաջին առթիւ այցելել Հայոց Պատրիարքարան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun