İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐՀԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց Գիւտի Տօնին եւ Գնալը Կղզիի Եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, 2 Յուլիս 2022, Շաբաթ առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր ԼուաւորիչԵկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Արարողութեանցմասնակեցան, Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան հայրերն ու քահանայից դասու անդամները, սարկաւագներ, դպիրներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւԿազդուրման Կայանի աշակերտներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամները։

Ս. Պատարագը մատոյց նախկին Պոլսահայ եւ ներկայիս ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի ՀոգեւորականացԴասու անդամներէն Արժ. Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Բրշ. Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Կարապետեան եւդպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու եւուխտաւոր դպիրներու կողմէ, երգեհոնահարութեամբ՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Սրբազան Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Քու Տէր Աստուածդ սիրեսքու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատթէոս 22:37) բնաբանով եւներկայացուց սուրբերու Աստուածսիրութեան ընթացքը։ Այս առումով անդրադարձաւ Ս. ԳրիգորԼուսաւորչի վարքին եւ ըսաւ, թէ՝ մեր հաւատքի հօր նշխարհներու գիւտի տօնը առիթ կը դառնար որառաւել եւս ուշադրութեամբ յիշատակուէր սուրբի կեանքն ու վախճանման պարագաները։ ՄերՀոգեւոր Պետը յայտնեց, որ Ս. Գրիգոր իր առաքելութեան աւարտին յիշատակած էր անցեալի իրգործունէութիւնը եւ տեսած՝ առաքելութեան կատարելութեան հասած ըլլալը։ Ահա, այս պահուն էրոր հեռացաւ մարդկութենէ եւ իր շրջանին մէջ առանձնական կեանք մը ապրելէ յետոյ վախճանեցաւու թաղուեցաւ անձայն ու անշշուկ։ Սակայն, Տիրոջ հրաշքով սրբացած անձին մասունքներըժամանակօք յայտնուեցան Հայոց մօտ եւ ներկայիս որպէս բարեխօսական զօրութիւն կըգործածուին։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յայտնեց որ այս սուրբի մասունքներէն փոքրիկ կտորներ նաեւ կըգտնուին Գնալը Կղզիի Եկեղեցւոյ մէջ, որուն անուանակոչութեան տօնին հաւատացեալներ կըմօտենան այս մասունքին եւ կ՚աղօթեն առաջի Աստուծոյ։

Մեր Հոգեւոր Պետը, իր քարոզի աւարտին յայտնեց, թէ՝ Ամրան շրջանը սկիզբ առած էր այլեւս։ Այսշրջագիծով ներկայացուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եօթնամեայ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութին Վրդ. Տամատեանը, յայտնելով, թէ՝ Հայր Սուրբը մօտ անցեալին Մայր Աթոռոյ մէջարժանացած էր վարդապետական գաւազանի տուուչութեան ու այս առթիւ իր ժողովուրդըհրաւիրեց որ յատուկ ձեւով իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն Հայր Սուրբը։ 

Պատրիարք Հայրը յաջորդիւ ներկայացուց ԱՄՆ-է ժամանած երկու հոգեւորականները՝ Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեանը եւ Արժ. Տ. Արմաշ Քահանան ու այս առումով շեշտեց որ նախկինՊոլսահայ երկու հոգեւորականաց ներկայութիւնը առաւել եւս ուրախութիւն եղած էր։ Ի միջի այլոց, Տ. Արմաշ Քահանան, որ սնած էր Գնալը Կղզիի մէջ, յետ ձեռնադրութեան Պոլսոյ մէջ առաջին Ս. Պատարագը կը մատուցանէր։ Մեր Հոգեւոր Պետը, հուսկ յիշեց Լեւոն Շատեանի ատենապետածԹաղային Խորհուրդի աշխատութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Արարողութեանց աւարտին, թաղային խորհուրդի կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանին շուրջհաւաքուեցան Պատրիարքը Հայրը, հոգեւորականներ եւ դպիրներ։ Այս առթիւ, բարի գալստեանխօսք արտասանեց Յարութիւն Վարդապետը եւ յանուն եկեղեցւոյ անդամներուն ողջունեց Պատրիարք Հօր եւ ներկայ հոգեւորականներու ներկայութիւնը։ Այս առթիւ յայտնեց, թէ՝ երկուտարուան դադարէն յետոյ Գնալը Կղզիին մէջ փառաւոր ձեւով կը նշուէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ուխտի օրը եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին համար յատուկ ուրախութիւն էր Նորին Ամենապատուութեան, միաբան հայրերուն, քահանայից դասու անդամներուն, սարկաւագներուն ու դպիրներունմասնակցութիւնը։ Այս առթիւ կատարեց բարեմաղթանք ու ներկաներուն համար խնդրեց Ս. ԳրիգորԼուսաւորչի բարեխօսութիւնը։ 

Ապա, արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Արմաշ Քահանան եւ յայտնեց, թէ՝ զգացական արարողութեան մըմասնակցած էր, քանի ինք ի տղայ տիոց մեծցած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ յետձեռնադրութեան Պոլսոյ մէջ առաջին Ս. Պատարագը կը մատուցանէր նոյն եկեղեցւոյ մէջ, իր մօտըունենալով Մեր Հոգեւոր Պետն ու իր հոգեւոր եղբայրները։ Այս առթիւ, փառք տուաւ Աստուծոյ եւշնորհաւորեց ներկաները։ Արտայայուեցաւ նաեւ Վազգէն Ծ. Վարդապետը, յայտնելով Պոլսոյ մէջնման արարողութիւններուն մասնակցած ըլլալու ուրախութիւնը։ 

Սիրոյ Սեղանի աւարտին հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը եւ կրկին անգամ շնորհաւորեցներկաներու Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Տօնը եւ Գրիգոր անունը կրող անհատները։ Ապա, կրկին անգամներ կայացուց Յարութիւն Վարդապետը, յայտնելով որ Հայր Սուրբը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջպաշտպանած էր վարդապետական թէզը եւ օրհնութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին արժանացած՝ վարդապետական գաւազանին։ Այդ առիթով Վեհափառ Հայրապետը, նորընծայ Յարութիւն Վարդապետին շնորհած էր լանչախաչ մը։ Իսկ, Ս. ԳրիգորԼուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Տօնախմբութիւնը առիթ ընկալելով, Մեր Հոգեւոր Պետը փափաքած էր, Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրերէն միոյն՝ Հայր Սուրբին, անձամբ լանչախաչ մընուիրեալ։ Պատրիարք Հայրը, լանչախաչի նուիրման պահուն յայտնեց, թէ՝ նուրուած խաչը այնխաչն էր, զոր իր վարդապետական տուուչութեան առթիւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ շնորհուած էր Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ։ Այս խորհրդանշական խաչը նուիելով, Հայր Սուրբին մաղթեցկարողութիւն եւ յաջողութիւն իր եկեղեցական ծառայութեան մէջ, ի մասնաւորի Գնալը Կղզիէն ներս։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın