Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակին առթիւ, 3 Յուլիս 2022, Կիրակի, 20.30-ին, Կազդուրման Կայանի մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը։
Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի նախաձեռնութեամբ ու Ժանէթ Շիրինօղլուի բարերարութեամբ սարքուած ընթրիքը նաեւ հոգեճաշի բնոյթ ունէր, ընծայուած ըլլալով Երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքներուն։ Յատուկ նշանակութիւն ունէին այս անունները, նկատի ունենալով որ Շնորհք եւ Մեսրոպ Պատրիարքները, Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հոգեւոր ծառայութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունէին, իսկ Գարեգին Բ. Պատրիարքը՝ հոգեւոր ծնողն էր Նորին Ամենապատուութեան։
Այս մէկը առիթ եղաւ, որ Մեր Հոգեւոր Պետը համախմբուի Կազդուրման Կայանի աշակերտութեան հետ եւ ընդունէ փոքրիկներուն շնորհաւորանքը։
Երեկոյթին ներկայ եղան Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վարդապետ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ու երէցկինը, Բրշ. Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ վարչութեան անդամներ, Կազդուրման Կայանի Վարչութեան Ատենապետ Արի Չօլաք եւ վարչութեան անդամներ ու Տնօրէնուհի Լիզա Չօլաքօղլուն։
Սիրոյ սեղանը սկիզբ առաւ երեք պատրիարքներու հոգւոցն ի հանգիստ կատարուած աղօթքով։ Երեկոյեան ընթացքին Արի Չօլաք յանուն վարչութեան շնորհաւորեց Պատրիարք Հօր 30-ամեակը մաղթելով երկար տարիներ։ Սրտի խօսք մը արտասանեց նաեւ Յարութիւն Վարդապետը, յայտնելով, թէ՝ Պատրիարք Հօր ձեռնադրութեան 30-ամեակը եկեղեցւոյ մէջ նշուած էր հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով։ Պատրիարքարան, եկեղեցի եւ կայան եռոտանիին մէջ կ՚արժէր շնորհաւորական ընթրիք մը կազմակերպել, որով կայանի մանուկները առիթը պիտի ունենային Մեր Հոգեւոր Պետին հետ հանդիպելու եւ իրենց բարեմաղթանքը փոխանցելու։ Այս առթիւ, յանուն բոլոր ներկաներուն շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութիւնը, մաղթելով քաջառողջ կեանք։
Ապա, տեղի ունեցաւ կարկանդակի բեկանում։
Հուսկ, Պատրիարք Հայրը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն, յայտնելով որ 40 տարիներ առաջ Կազդուրման Կայանի մէջ պաշտօնավարած էր որպէս հսկիչ։ Հետեւաբար, նոյն հաստատութեան մէջ յոբելենական ընթրիքը յատուկ նշանակութիւն կը զգենուր։ Այս իմաստով, մանուկներու թելադրեց, որ իրեն համար աղօթեն իրենց առանձնական աղօթքներուն մէջ ու ճանչնան իրենց եկեղեցւոյ եւ հաստատութեան պատասխանատուները։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ երեկոյթի կազմակերպիչներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun