Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Յուլիս 2022, Ուրբաթ, ժամը 20.00-ին, մասնակեցաւերաժշտական հանդիսութեան մը, որ տեղի ունեցաւ Կազդուրման Կայանի ՃամպազեանՄարզադաշտին մէջ։ Մեր Հոգեւոր Պետին կողքին էին Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեան, ԿղզեացՀոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Հանդիսութեան ներկայ էին Արի Չօլաքի ատենապետածԿազդուրման Կայանի վարչութեան անդամներ, տնօրէնուհի Լիզա Չօլաքօղլու, ինչպէս նաեւերաժշտասէրներ։
Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսք արտասանեց կայանի վարչութեան անդամներէն ԱլփէնՉնար եւ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ կայանի գործունէութեան եւ երաժշտական երեկոյթինպարունակութեան։ Ապա, յաջորդիւ «Kısmet Fatka & Alto Balkan», «Ychorus», «Chorvus», «An Vokal» եւ «Los Obreros» խումբերը, խմբավար Հալուք Փոլաթի առաջնորդութեամբ հանդէս եկանբազմաձայն երգեցողութեամբ։
Կազմակերպութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած էր Այքուն Պուտաքը, որ եղած էր նաեւ«Ychorus», Խումբի անդամներէն մին։ Երաժշտական հանդիսութեան վերջին բաժնին մէջ, կայանիտղաքը եւս միացան երգեցողութեան եւ երգեցին «Մայլո» երգը։
Հանդիսութեան աւարտին, յուշանուէրներու յանձնումէն յետոյ հուսկ բանքը արտասանեց ՄերՀոգեւոր Պետը եւ գրեթէ աւանդականի վերածուած հանդիսութեան մասին դրականարտայայտութիւններ ունեցաւ։ Երաժշտական կեանքի գեղեցկութեան անդրադառնալով, գնահատեց խմբավար Հալուք Փոլաթը։
Այս առթիւ, յիշեցուց, թէ՝ Ամրան առաջին հանդիսութիւնն էր սա, բայց եւ այնպէս ամրան ընթացքինեկեղեցւոյ եւ կայանի միատեղ աշխատութեամբ նախատեսուած էին բազմապիսի նմանծրագիրներ։ Այս առումով, կղզեցիները հրաւիրեց հետեւելու մեր հաստատութեանցգործունէութեանց։ Իր խօսքերու աւարտին գնահատեց նաեւ կայանի վարիչները եւ յաջողութիւնմաղթեց։ Այս առթիւ թելադրեց նաեւ որ պատանիներ ու երիտասարդներ մաս կազմեն մեր դպրացդաս երգչախումբերէ ներս, զարգացնելով իրենց երաժշտական գիտելիքները։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun