İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԵՀԵՄ-Ի ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Հայ ԵկեղեցւոյՀամաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) համահայկական ուխտագնացութիւնը, այստարի 6-10 Յուլիս 2022 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենայ « ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան – Սփիւռքկամուրջ» թէմայով։ Սոյն հաւաքին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, յանունՊատրիարքական Աթոռոյ պիտի մասնակցին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Բրկ. ՇահինԺան Ուր. Դպ. Քալտըրրմ, Տայք Միսիսօղլու, Երազ Չաղլաեան եւ Պարգեւ Օհանեան։   

Դէպի Մայր Աթոռ ճամբորդութեան նախասեմին, Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Պատրիարքարանիամարանոցին մէջ, ժամը 14.30-ին ընդունեց, պատուիրակութեան անդամները՝ առաջնորդութեամբՅարութիւն Վարդապետին։ Հանդիպման ընթացքին, երիտասարդներ ծրագրի մասին հակիրճտեղեկութիւններ փոխանցեցին Մեր Հոգեւոր Պետին եւ ճանապարհորդութեան սեմին խնդրեցին իրօրհնութիւնը։ 

Պատրիարք Հայրը, գնահատեց ՀԵՀԵՄ-ի համահայկական ծրագիրն ու սպասաւորները, այսառիթով իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ մաղթեց արդիւնաւոր ուղեւորութիւն երիտասարդներ։Նորին Ամենապատուութիւնը յայնեց, որ այս այցելութեամբ թէ՛ Պոլսեցի երիտասարդներ առիթըպիտի ունենային Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օրհնութիւնը ստանալ, նաեւ սփիւռքահայերիտասարդներուն ծանօթանալ եւ այս միջոցաւ ծանօթացնել նաեւ Պատրիարքական Աթոռն ուհամայնքային կեանքը։

Երիտասարդներ, 4 Յունիս 2022, Երկուշաբթի գիշեր կը մեկնին Երեւան 11 Յունիսին կըվերադառնան քաղաքս։

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın