İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Յունիս 2022, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Նուրհան Էնկինի։

Եկեղեցւոյ վարիչները յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը տարեկան տօնախմբութեան հանդիսութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը ըստ աւանդութեան կը կատարուի Պայծառակերպութեան տօնին, այս տարի 24 Յուլիս 2022, Կիրակի առաւօտ։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ եկեղեցւոյ հետ առընչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın