«Սփիւռքի Տարի»ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած առցանց հանդիպումներուն 4-րդը յատկացուած էր տեղեկագիտութեան։ Ժողովին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը։ Առցանց նիստին մասնակցեցան «Սփիւռքի Տարի»ին աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի անդամներն ու այս մարզին մէջ աշխատող մասնագէտներ։ Նիստին զեկուցելու համար հրաւիրուած էր «Սինոփսիս» (Syopsys) կեդրոնի եւ «Արմինիըն Վըրչուըլ Քոլէճ»ի (Armenian Virtual College) համահիմնադիր դոկտ.Երուանդ Զօրեան։
Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարելով նիստին՝ խօսեցաւ այսօրուան աշխարհակարգին գլխաւոր երկու յատկանիշներուն մասին՝ փոխկապակցուածութիւն (Interconnectivity) եւ յարաբերութիւն-հաղորդակցութիւն (Communication)։
Հայրապետը խօսեցաւ Աստուածաբանական առումով տիեզերքի արարչագործութեան, այդ բոլորին մէջ ներդաշնակութեան, եւ մանաւանդ մարդուն կողմէ արարչագործութեան պարգեւներուն ճիշդ օգտագործման հրամայականին մասին։ Այս համեմատութիւնը նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այսօրուան տեղեկագիտական արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները օգտակար նպատակներու ծառայեցնելու մեր հայեցակարգի մշակման ընթացքին։
Անդրադառնալէ ետք սփիւռքեան բազմագոյն, բազմաշերտ, շատ տեղեր խոպան եւ անկազմակերպ իրավիճակներու մասին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ այս բոլոր խնդիրներու գոյքագրման, եւ կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ այնպէս ընել որ առաւելագոյնս ներդաշնակ եւ օգտակար եղանակներով կարելի ըլայ արհեստագիտական նորարարութիւնը լաւագոյնս օգտագործել համասփիւռքեան ծրագիրներու մշակման եւ կիրարկման համար։
Այնուհետեւ դոկտ․ Զօրեան զեկուցեց տեղեկագիտական արհեստագիտութեան արդի ուղղութիւններուն մասին՝ արագ ակնարկով ներկայացնելով այս մարզի հոլովոյթը։ Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր 10 տարի աշխարհը ականատես եղած է արհեստագիտական յեղափոխութեան մը, որ բոլորվին նոր հունաւորում բացած է այս մարզին մէջ։Համակարգիչէ համացանց, ապա շարժուն-խելացի (smart-mobile) համակարգ անցումներէն ետք այսօրուան ուղղութիւնը կեդրոնացած է արհեստական բանականութեան վրայ (artificial intelligence)։
Մասնագիտական զեկուցումին եւ այնուհետեւ անոր հետեւած քննարկումի ընթացքին ընդգծուեցան հետեւեալ կէտերը․
Ա․ Տուեալներու հաւաքագրումը խիստ կենսական է Սփիւռքի գոյքագրման եւ մասնագիտական մարդուժի ցուցակագրման աշխատանքին համար մնայուն նորացուող շտեմարան ունենալու համար։
Բ․«Չիփեր»ու այսօրուան արտադրութեան ճարտարապետութիւնը հիմնուած է ծաւալի փոքրացման, բազմապակուած տուեալներու ներառման եւ արագութեան բազմապատկութեան սկզբունքներոն վրայ։ Հայկական տեղեկագիտական գործօնը այս նոր ուղղութիւնը նկատի պէտք է ունենայ իր ցանցային աշխատանքները կազմակերպելու ընթացքին։
Գ․ Այսօրուան աշխարհակարգը կ՛աշխատի ապակեդրոն, ապամեկուսացուող եւ անվերջ նորացուող դրութիւններով։ Մեր աշխատանքներուն մէջ այս աշխատակարգը նկատի ունենալ յատկապէս մեր դասական կառոյցներէն դուրս գտնուող զանգուածներուն հետ կապ հաստատելու համար։
Դ․Մեր կրթական, մշակութային եւ կուսակցական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ոչ միայն արխիւը, այլ ամբողջ աշխատելաեղանակը ամբողջական համակարգչայնացումի եւ թուայնացումի անյետաձգելի պահանջին առջեւ կը գտնուին։ Սփիւռքի տարուան առիթով այս աշխատանքին պէտք է թափ հաղորդել կայռոցներու պատասխանատուներուն մօտ քաջալերելով այս անհրաժեշտութեան ընդառաջ գործի լծուիլը։
Ե․ Յատուկ ծրագրաւորումներով յառաջացնել cyber community՝ մասնագիտական հիմունքներով։
Նիստի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց այս խիստ արդիական թեմային ընդառաջ կայացած առաջին նիստին համար եւ շեշտեց այս բոլորը մեր մարդկային ու ազգային արժէհամակարգի գերադասումով բանեցնելու կարեւորութիւնը։ Հայրապետը այս առումով վեր առաւ համասփիւռքեան եւ համահայկական նպատակներու շուրջ համխմբումներ յառաջացնելու եւ կայուն ու գրաւիչ թեմաներով երիտասարդ խաւը ներգրաւելու եւ հնամաշ գաղափարներէ եւ գործելաոճերէ դուրս գալով ներկայ արհեստագիտութիւնը լիարժէք օգտագործելու համար անխոնջ աշխատելու հրամայականը։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun