Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 1 Յուլիս 2022, Ուրբաթ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ պիտի կատարուի Միւռոնօրհնէք։
Այս առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրած է նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, մասնակցելու սոյն արարողութեան։
Նորին Ամենապատուութեան տնօրինումով, յանուն Աթոռոյս հանդիսութեանց պիտի մասնակցի Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։
Նորին Սրբազնութիւնը այսօր՝ 28 Յունիս 2022, Երեքշաբթի, օդային գիծով կը մեկնի Անթիլիաս։ Սրբազան Հայրը Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան հանդիսութենէն ետք, 2 Յուլիս 2022, Շաբաթ կը վերադառնայ քաղաքս։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun