İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆԿԵԼԱՆՈՑԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Համազգային Անկելանոոցի նախագահ՝ Համզա Ճէպէճի 23 Յունիս 2022, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին  իր հետեւորդներով այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էր Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Նախագահի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Համազգային Անկելանոցի կամաւոր ծառաոյղներէն՝ Ժագլին Քէօսէ, Նախագահի Օգնական՝ Ֆունտա Էրսին, Խնամատարներու Բաժնի տնօրէն՝ Էսին Քարաքուշ, Ընդհանուր համակարգող՝ Մէհմէտ Այհան Էօմէրօղլու,  Մամլոյ յարաբերութեանց վարիչ՝ Սէլտա Թաշ եւ Դիւանապետ՝ Մէրվէ Չաքըր։

Համազգային Անկելանոցը ծանօթ է Տարիւլաճեզէ անունով եւ որպէս մարդասիրական հաստատութիւն ծառայութիւն կը բերէ առանց ազգի, ցեղի եւ կրօնքի խտրութեան։

Մեծայարգ հիւրը յայտնեց, թէ իրենց այցելութիւնը փոխ այցելութեան բնոյթը ունէր, թէեւ յապաղած։ Շնորհակալութեամբ յիշեց, թէ Նորին Ամենապատուութիւնը հաստատութեան հետ առընչուած հրաւէրներուն կ՚ընդառաջէր, որ կը նկատուէր ցուցիչը հաստատութեան եւ անոր առաքելութեան նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան։

Պատրիարք Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ընդգծեց, թէ կրօններու հասարակած եզրն է մարդասիրութիւնը, որ պտուղն է աստուածսիրութեան։ Բարեգործութեան կարեւորութիւնը նշեց, եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ հաւատացեալ տիկիններ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին այս կարեւոր հաստատութեան առաքելութեան կանոնաւոր ընթացման համար։ Մեծայարգ հիւրը, որ նաեւ Հանրապետութեան Նախագահ խորհրդականներէն է, իր հետեւորդները հրաւիրեց արտայայտուելու։ Բոլոր մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար, մանաւանդ իրենց գոհունակուկթիւնը արտայայտեցին, թէ այսպիսի առիթով այցելած էին Հայոց հոգեւոր կեդրոնը եւ ծանօթացած Հայոց Պատրիարքին հետ։ 

Նախագահ Համզա Ճէպէճի Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց Համազգային Անկելանոցի հետ առընչուած պատմական լուսանկարներու հաւաքածոյ հատորը։ Իսկ Պատրիարք Հայրը հաստատութեան մատենադարանին համար նուիրեց Կարօ Քիւրքմանի Օսմանեան շրջանի հայ ոսկերիչներու նուիրուած հատորը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermen

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın