Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը կը շարունակէ բնորոշել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Երկար սպասուած կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ համայնքը արդէն մինչեւ տարեվերջ յետաձգուած ընտրութիւնները իրականացնելու պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլոր հարթութիւններու վրայ քննարկման կ՚ենթադրուի նոր կանոնադրութիւնը, որով առաջին անգամ ընտրութեան պիտի ձեռնարկեն փոքրամասնական համայնքները։
Զանազան հարթութիւններու վրայ ծաւալուած քննարկումներու առընթեր, այսօր երեկոյեան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ նախատեսուած է Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ժողովը համապատասխան օրակարգով՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Համայնքային վարիչները այս փուլին հնարաւորութիւն կ՚ունենան նոր կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն շուրջ խորհրդակցելու նաեւ իրաւաբաններու հետ։
Միւս կողմէ, նոյն նիւթին վերաբերեալ երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով ծաւալուն քննարկում մըն ալ տեղի ունեցաւ «Լոյս» արբանեակային հեռուստակայանին վրայ։ Այսպէս, «Մանշէթ» ծրագրի ընթացքին հաղորդավար իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի հարցումներուն պատասխանեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան։
Երէկուան ուղիղ եթերի ընթացքին նոր կանոնադրութիւնը խոշորացոյցի տակ առնուեցաւ՝ մասնաւորապէս այն առումով, որ նախատեսուած է շրջանային ընտրական դրութիւն մը։ Այս նոր համակարգը անխուսափելիօրէն որոշ փոփոխութիւններու դուռ պիտի բանայ. փոփոխութիւններ, որոնք թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական երեսակներ ունին։ Արա Գօչունեան եւ Թորոս Ալճան այդ համեմատութիւններուն մէջ մեկնաբանեցին նոր կանոնադրութիւնը՝ ընդհանուր առմամբ կարեւորելով ի վերջոյ ընտրութիւն մը իրականացնելու հնարաւորութիւնը։
İlk yorum yapan siz olun