İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱԹԱՅԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 22 Յունիս 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ ընդունեց Հաթայի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեանը։

Տէր Հայրը Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեց Հաթայի մեր եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալ ժողովուրդի համար տարուած հոգեւոր ծառայութեան մասին եւ խնդրեց մեր Հոգեւոր Պետին թելադրութիւնները։

Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Տէր Հօր եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ.ի այցելութեան համար։ Առաջին պատասխանատու աղբիւրէն՝ շրջանի հովիւէն տեղեկութիւններ քաղելով, հայրաբար յորդորեց եւ իր օրհնութիւնները տուաւ Հաթայի շրջանի մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին։

Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան եւ հայրական խրատներուն համար։ Ան շաբաթավերջին արդէն կը վերադառնայ Հաթայ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın