Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 20 Յունիս 2022, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ Մենթի Մենթոր ծրագրի 2021-2022 շրջանի բոլոր մասնակիցները, որոնք ներկայացան որպէս մենթի եւ մենթոր։
Հիւրերը նախ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի առաջնորդութեամբ շրջեցան Պատրիարքարանի համալիրը եւ տեղեկութիւն ստացան պատմականի եւ այժմու կեանքի մասին։
Ընդունելութեան ընթացքին մասնակիցներուն տրուեցան վկայականներ՝ ստորագրուած Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Պատրիարքարանի պարտէզը կայացած ընթրիքի ընթացքին եւ յետոյ տեղի ունեցան մտերմիկ զրոյցներ երիտասարդներու եւ բոլոր մասնակիցներու հետ։
Իր խօսքին մէջ մեր Հոգեւոր Պետը ընդգծեց, որ Պատրիարքարանը բոլորի, յատկապէս երիտասարդութեան տունն է։ Ան նշեց, որ բարձր կը գնահատէ «Հայ Մենթի Մենթոր»ի աշխատանքը եւ ընդգծեց, որ ուսումը ողջ կեանքի ընթացքին անվերջանալի գործընթաց մըն է։ Նորին Ամենապատուութիւնը խորհուրդ տուաւ, որ իրենց պէտք է հետաքրքրէ ոչ միայն այն ոլորտը, որուն մէջ պիտի մասնագիտանան, այլ նաեւ տարբեր նիւթեր՝ արուեստ, մարմնամարզ եւ գրականութիւն։ Յիշեցրեց, որ մեր նախնիներու թողօնը երիտասարդութեան կրթութեան կարեւոր աղբիւր է, եւ ըսաւ, որ այս վարչական կեանքի կառավարումի հարցով իրենց խօսքը ունենալու համար պէտք է հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն ընկերային օրակարգի նկատմամբ, գոնէ պէտք է քուէարկեն, եւ նոյնիսկ քաջութիւն ցուցաբերեն՝ ձգտելու վարչայիններ դառնալու՝ փորձառուներու առաջնորդութեամբ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun