Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Յունիս 2022, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Էյիւպի՝ Իսլամպէյ թաղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Արթօ Արմանի։
Այժմ հայաթափուած մեր այս եկեղեցւոյ վարիչները յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած էին յարգել աւանդութիւն մը, որ էր տարեկան պիւտճէէն օրինակ մը ներկայացնել Պատրիարքական Աթոռոյ եւ խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը տարեկան տօնախմբութեան հանդիսութեան։ Այս տարուան հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 26 Յունիս 2022, Կիրակի առաւօտ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ եկեղեցւոյ հետ առընչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun