«Տօն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սրբոյ Էջմիածնի»։ Այս անունով կը կոչէ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցը այս տօնը, որ մեր բոլոր եկեղեցիներու կարգին, նշուեցաւ նաեւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, 19 Յունիս 2022, Կիրակի առաւօտ։ Արարողութեանց նախագահեց եւ քարոզեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Ս. Պատարագը մատոյց հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Բրշ. Սայեաթ Սրկ. Չնարեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ դպիրներ։ Ներկայ էր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Վարդանանց Դաս Դաս Երգչախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Բրկ. Յովսէփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լուսի Քահվէճիօղլուի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը «Եկեղեցիս այս ժայռին վրայ հիմնեցի։ Դժոխքի դռները պիտի չկարենան յաղթահարել անոր» բնաբանով եւ հանգամանօրէն բացատրեց եկեղեցւոյ գաղափարը։ Եկեղեցին Աստուծոյ արքայութիւնն է երկրի վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ, որ այսօրուան տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հաստատութեան տօնն է եւ տարեդարձը՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի շինութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքին համաձայն։
Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ մաղթանք՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան համար։
Կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun