İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Յունիս 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, ընդունեց Գարակէօզեան Տան խումբ մը աշակերտներու այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցիչներուն։ Այցելութիւնը կազմակերպուած էր Բարեկամ խումբի պատասխանատուներու կողմէ։

Այցելուները նախ այցելեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, ուր ընդունուեցան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի կողմէ։ Հայր Սուրբը երկսեռ աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի եւ եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Աթոռոյ մասին։ Ան, հիւրերուն հետ շրջեցաւ Մայր Տաճարի համալիրը, ուրկէ միասնաբար անցան Պատրիարքարան։

Դահլիճին մէջ հիւրեր ընդունուեցան մեր Հոգեւոր Պետին կողմէ, որ հաճելի զրոյց ունեցաւ իրենց հետ։ Գնահատեց տարուած աշխատանքը, որու շնորհիւ շատեր առիթը ունեցան առաջին անգամ այցելելուՊատրիարքարան եւ հանդիպելու  Աթոռոյ Գահակալին։

Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց այցելու աշակերտներուն, իրենց ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Բարեկամ խումբի անդամներուն եւ գիրքեր նուիրեց իրենց։

Յանուն Բարեկամ խումբի, խօսք առաւ Աւետիս Սէյրան եւ ողջունելով սաները, ըսաւ որ իրենք անբաժան մասն ու ապագան են այս համայնքին եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային պիտի ծառայեն համայնք կոչուած մեծ ընտանիքին։

Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın