İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԷՐԻՔՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Յունիս 2022, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց խումբ մը ազգայիններ՝ Ժանէթ Շիրինօղլու, Անդրանիկ Եոնթան եւ Զաքարիա Սապունճու։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ 

Հիւրերը եկած էին Տէրիքի Ս. Գէորգ Եկեղեցիի շէնքը որպէս համայնքային կառոյց արձանագրել տալու մասին խորհրդակցելու եւ Նորին Ամենապատուութեան գաղափարը առնելու։ Ինչպէս ծանօթ է, յիշեալ եկեղեցին արձանագրուած է որպէս ընտանիքի մը սեփականութիւնը։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, լսելէ ետք այցելուները, ուրախութիւնը յայտնեց տարիներ ուշացած այս աշխատանքին ձեռնարկուելուն համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ պէտք է խորհրդակցութիւն կատարուի իրաւաբաններու հետ եւ երկխօսութիւն հաստատուի այն ընտանիքի անդամներուն հետ, որոնց վրայ արձանագրուած կ՚երեւի այս աղօթքի տունը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն եւ իրենց գործակիցներուն եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın